Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հինգշաբթի, 2 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Վեհարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասը ներկայացնող պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ՝ Պատրիարքական Կառավարիչ Գերապայծառ Գրիգոր Եպս. Կապրոյեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 5 գերապայծառներ եւ Մեթր Ժագ Չուխատարեան։ Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր շնորհակալութիւն յայտնել Վեհափառ Հայրապետին, Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքի յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցութեան համար։

Հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը ունենալու մեր եկեղեցիները եւ ազգը յուզող, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց մեր եկեղեցիներու գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու անհրաջեշտութիւնը՝ միասնաբար դիմագրաւելու ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները։