ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՐՁԱՆ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

  Շաբաթ, 13 եւ Կիրակի, 14 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչները յատուկ պատուիրակութեամբ, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Դամասկոսի մէջ մասնակցեցան Ասորի Եկեղեցւոյ միւռոնի օրհնութեան եւ ծիսական շարք մը արարողութիւններու։ Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական աննպաստ կացութեան, սոյն հոգեպարար երկօրեայ արարողութիւններուն մասնակից դարձան տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի…