Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Շաբաթ, 11 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի Վեհարանին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորիներու Պատրիարքին միջեւ:

 

            Վեհափառ Հայրապետին կողքին, հանդիպման ներկայ էին միաբան հայրեր. իսկ Պատրիարքին կ’ընկերանային ասորի հոգեւոր հայրեր Պէյրութէն և Դամասկոսէն։

 

            Եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ հայ և ասորի եկեղեցիներուն գործակցութեան նոր թափ տալու հրամայականը թէ՛ Միջին Արեւելքի և թէ՛ սփիւռքի գաղութներէն ներս։ Այս շրջագծէն ներս շեշտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու անհրաժեշտութիւնը։

 

            Աֆրամ Բ. Պատրիարք իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, ասորի ժողովուրդի ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած բացման հանդիսութեան իր ներկայութեան ու պատգամին համար։ Ան նաեւ յայտնեց Նորին Սրբութեան, որ ինք յաջորդ օրը ստիպուած է ճամբորդելու դէպի Միացեալ Նահանգներ, հետեւաբար շաբթուան աւարտին Միւռոնօրհնէքի արարողութեան և այլ ձեռնարկներուն զինք պիտի փոխարինէ Ասորի եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը։

 

            Հանդիպման աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս և Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորիներու Պատրիարքը շրջեցան Ս. Աստուածածին Վանքին վերանորոգ ու նորակառոյց բաժինները։