Շաբաթ, 2 Մայիս, 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Սերպիոյ դեսպան՝ Ալեքսանտըր Րէսթիչի:
Այցելութեան նպատակն էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով զօրակցութիւն յայտնել հայ ժողովուրդին: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը եւ հայ ու սերպ ժողովուրդներուն յարաբերութիւնները:
Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Հայաստանի եւ Սերպիոյ գործակցութիւնը զարգացնելու պատրաստակամութիւնը եւ շեշտեց երկու ժողովուրդներուն համագործակցութիւնը մարդկային իրաւանց հարցերու շուրջ՝ ի խնդիր արդարութեան հաստատման: