ՀԱՍԿ Յունուար-Փետրուար 2024
Այս տարուան ՀԱՍԿ-ի առաջին թիւը կը դնենք ձեր տրամադրութեան տակ, հետեւեալ կապով։
Այս տարուան ՀԱՍԿ-ի առաջին թիւը կը դնենք ձեր տրամադրութեան տակ, հետեւեալ կապով։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր 51-րդ նիստին ընթացքին Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան ընտրեց որպէս թեմակալ առաջնորդ։ Այս առիթով ժողովի դիւանը պաշտօնական նամակով մը ընտրութեան արդիւնքները փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ խնդրեց անոր վաւերացումը։ Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական պաշտօնագրով մը իր օրհնութիւնը տուաւ ժողովական անդամներուն եւ վաւերացուց Սրբազանին ընտրութիւնը։ Գեղամ սրբազան…
Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը: Վարչութեան անդամները Հայրապետին ներկայացուցին Միութեան աշխատանքային յառաջիկայ ծրագիրները, յատկապէս Մայիս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Մայիսեան Փառատօնին առնչուած: Այս ուղղութեամբ շրջանային վարչութեան անդամները խնդրեցին Նորին Սրբութեան բարձր հովանաւորութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ…
Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք խորհրդակցեցան Հայաստանը յուզող ներկայ խնդիրներուն ու տագնապներուն շուրջ: Վեհափառ Հայրապետները վերաշեշտեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը ու անվտանգութիւնը ամուր պահելու հրամայականը եւ այս ուղղութեամբ հայ եկեղեցւոյ անխախտ յանձնառութիւնը:…
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Հայաստանի եւ Յունաստանի դեսպանները: Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ Նորին Սրբութեան զրոյցը կեդրոնացաւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ Ապրիլ 24-ի նշումին վրայ՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Յունաստանի դեսպանուհի Տեսփինա Քուքուլոփուլուն եկած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով: Ան յայտնեց, որ…
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը եւ Նորին Սրբութիւնը Ֆրանսիս Պապին կողմէ նամակ մը յանձնեց Հայրապետին։ Վեհափառ Հայրապետին եւ պապական նուիրակին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ ընդհանրապէս Լիբանանի կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութիւնը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի առաւօտուն, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայ Որբերը» հատորին շնորհահանդէսը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի յարկին տակ, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին կազմակերպած «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» խորագրեալ համագումարի մասնակիցներուն եւ «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալութեան ու տեսչութեան։ Բացման խօսքով…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի կազմակերպութեամբ, 20-22 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» խորագրով միջազգային համագումարը։ Եռօրեայ նիստերուն մասնակցեցան Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն շուրջ 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։ Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով համագումարին…
Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կը նշենք ա՛լ աւելի ծանր մարտահրաւէրներու ներքոյ, սակայն առանց կորսնցելու փրկութեան մեր հաւատքը ու արդարութեան տիրանալու մեր պայքարի ոգին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ի սկզբանէ ըլլալով ճակատագրակից իր ժողովուրդին, նաե՛ւ պայքարակից է անոր դատին։ Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ի առաւօտուն, Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման առիթով։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մեծ թիւով հայորդիներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։…
«Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուող համագումարը, կազմակերպուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին, իր վերջին երկու նիստերը գումարեց Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2024-ին։ Համագումարի փակման նիստին եզրափակիչ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Իսկ նիստերու աւարտին, «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը փակ նիստով լայնօրէն քննարկեց համագումարի նիստերէն բխած…
Կիրակի երեկոյեան, 21 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կայացող «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին կազմակերպած «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքային նիստերը։ Օրուան առաջին նիստով զեկոյց ներկայացուց Շահան Գանտահարեան։ Ան անդրադարձաւ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանական գործողութիւններու արձագանգներու երեք ուղղութիւններուն՝ պաշտօնական (Երեւանի ու Ստեփանակերտի) ուղղութիւն, ոչ-պետական՝ սակայն միջազգային հեղինակութիւն…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական պագամ յղեց հաւատացեալ ժողովուրդին՝ հիմնականօրէն անդրադառնալով արցախահայութեան տագնապին գծով լուծումներ որոնելու եւ արցախահայութեան տուն վերադառնալու իրաւունքը հաստատելու պայքարին մէջ հայ եկեղեցւոյ առած քայլերուն։ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագին, հաւատացեալներու…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» գիտաժողովը իր առաջի օրուան աշխատանքները աւարտեց վեց նիստերով։ Բացման նիստէն ետք հանդէս եկաւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ համապարփակ կերպով անդրադարձաւ Ազրպէյճանի աւելի քան մէկ դարէ ի վեր իր սահմանակից երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն դէմ կատարած պատմամշակութային…
Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գրասենեակին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արցախի առնչուած եւ յատկապէս Արցախի հայութեան վերադարձի ու քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցերուն գծով: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ առաջին նախագահ դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան եւ…
«Արցախի էջը փակուած չէ մեզի համար» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» համագումարը նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին, ընթացք առաւ Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփոյի…
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր ու առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ դասախօսեց լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, կրթական ու ընկերային միութիւններու, կուսակցական եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան։ Դասախօսուոթեան նիւթն էր «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը կը ձախողի հռչակագրի հրամայականներուն…
Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ անոր առաջին դատախազ (2003-2012) Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լայնօրէն անդրադառնալու Ազրպէյճան-Արցախ-Հայաստան վերջին տարիներու յարաբերութեանց, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի 44-օրեայ պատերազմին, Արցախի շրջափակումին եւ անոր հետեւած Արցախի ժողովուրդի բռնագաղթին եւ Արցախի հայութեան դատը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ Միջազգային Քրէական…
— Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի հաստատման 100-ամեակին նուիրուած, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Հայ Որբերը» հատորին շնորհահանդէսը եւ քննարկում տեղի պիտի ունենայ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ, Ճըպէյլ: — Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, պիտի դասախօսէ Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ: Նիւթ՝ «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն…
2-5 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան այցելեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն (Էջմիածին)՝ գործակցութեան աշխատանք մեկնարկելու Դպրեվանքին եւ Գէորգեան ու Վազգէնեան հոգեւոր ճեմարաններու միջեւ։ Արդարեւ, Դպրեվանքի հայր սուրբը եւ Գէորգեան ու Վազգէնեան ճեմարաններու տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, ունեցան աշխատանքային հանդիպումներ,…
Վերջին օրերուն, Վեհափառ Հայրապետին այցելած պաշտօնական հիւրերու կարգին յիշենք հետեւեալները.- — Քանի մը օրեր առաջ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, որուն հետ քննարկեց Հայաստանին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը։ — Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան փոխ նախագահուհի դոկտ. Մաթին Նաժըմ Քթայլին, եւ քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած…
Ընդառաջելով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի խնդրանքին եւ ի գնահատութիւն երկար տարիներու ազգանուէր ու եկեղեցանուէր գործունէութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխանի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց բարերար Երջօ Սամուէլեանը։ Այս առիթով հրապարակուած Հայրապետական սրբատառ կոնդակին մէջ Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ կերպով բնութագրած է եկեղեցական ու ազգային բնագաւառին մէջ բարերար…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»ի աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, 20-22 Ապրիլ 2024-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ համագումար՝ «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» ընդհանուր խորագիրին ներքոյ։ Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիռքեան տարբեր երկիրներէ հրաւիրուած են 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։ Համագումարի թուական նկատի առնուած…
Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2024-ին, Հարիսայի (Լիբանան) Բեթանիա հիւրանոցին մէջ գումարուեցաւ Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան նորընտիր Գործադիր Խորհուրդին ընդհանուր ժողովը: Մէկ օրուան վրայ տարածուած ժողովի ընթացքին, նախ Ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մայք Պասսուս պարզեց Ընկերակցութեան առաքելութիւնը, ապա անդրադարձաւ Գործադիր Խորհուրդի անդամներուն ստանձնած պատասխանատուութեան: Քննարկուեցան նախորդ շրջանին աշխատանքները եւ որոշուեցաւ յաջորդ երեք տարիներու աշխատանքային ուղեգիծը: Յայտնենք, որ օրհնութեամբ…
Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռաֆայէլ ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ հոգեւոր հայրեր։ Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններու փոխանակման, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանը, Հայաստանը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող խնդիրներուն:
Կիրակի, 31 Մարտ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ՄԵՐ Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափաշ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, մատուցուեցաւ Հայրապետական Ս. Եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին իր պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։ Հաւատացեալներու կողքին Ս. Պատարագին ներկայ…
Մեր եկեղեցիներէն ներս Ս. Յարութեան նախատօնակին կը մատուցուի Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագ, իսկ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ս. Պատարագի աւարտին, կը կատարուի տնօրհնէքի արարողութիւն։ Ճրագալոյցի Պատարագի ընթացքին է, որ եկեղեցւոյ կանթեղները, ճրագները եւ մոմերը կը վառուին ու Քրիստոսի Լոյսը կը բաշխուի հաւատացեալներուն։ Այս առիթով, Աւագ Շաբաթ, Ճրագալոյցի օրին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մայրավանքի…
Աւագ Ուրբաթ օրուան եկեղեցական արարողութիւնը՝ Մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգը, գեղեցիկ շարականներու եւ սաղմոսասացութիւններու ճամբով կատարուեցաւ 29 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ արարողութեան աւարտին հաւատացեալներուն ուղղեց օրուան խորհուրդին առնչուած իր Հայրապետական պատգամը։ Յատկանշական է, որ Աւագ Ուրբաթին, «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս…
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱ՛Ւ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Ամուր հաւատքով շաղախուած ու հոգեւոր ցնծութեամբ լեցուն ա՛յս վկայութեամբ քրիստոնեաներ զիրար կʼողջունեն ու աշխարհին կʼաւետեն հրաշափառ յարութիւնը Աստուծոյ Որդւոյն: Սա սովորական արտայայտութիւն մը չէ, այլ քրիստոնէական կրօնին էութիւնը կազմող հաւատքի վկայութիւն մը՝ պատմական անհերքելի իրողութեան վրայ հաստատուած: Արդարեւ, հաւատքի այս վկայութեամբ առաքեալներ Երուսաղէմէն դուրս…
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Աւագ Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2024-ին, տեղի ունեցաւ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Կարգ Չարչարանացը (Խաւարման Գիշեր)։ Մեր ժողովուրդի զաւակներուն խուռներամ ներկայութեամբ՝ աւետարանական ընթերցումներուն, հոգեզմայլ շարականներուն եւ «Ո՞ւր ես, մայր իմ» հոգեթով ու յուզումնախառն երգին ընդմէջէն յիշատակուեցաւ Քրիստոսի վերջին ընրթրիքի, Յուդայի մատնութեան եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն դրուագները։ Եկեղեցական…
Աւագ շաբաթը լի է Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանը յիշատակող հոգեպարար արարողութիւններով, որոնք հաւատացեալին անգամ մը եւս ապրիլ կու տան Քրիստոսի երկրորդ գալստեան խոստումը, մարդկութեան փրկութեան համար կրած չարչարանքները, խաչելութիւնը, թաղումը՝ հասնելու համար հրաշափառ Յարութեան։ Աւագ Հինգշաբթին իւրայատուկ է, որովհետեւ հոն կը տեսնենք Քրիստոսի ծունկի գալով առաքեալներուն ոտքերը լուալը՝ զանոնք թելադրելով ընելու նոյնը ապագային։…
10-15 Մարտ 2024-ին, Պոլսոյ մէջ, Տիեզերական Պատրիարքութեան հրաւէրով, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Համախոհութեան եւ Համագործակցութեան Մնայուն Յանձնախումբի տարեկան ժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ ժողովին մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Յանձնախումբը ունի 14 անդամ-անդամուհի՝ եօթը Ուղղափառ ու Արեւելեան Ուղղափառ եւ եօթը Բողոքական Եկեղեցիներէ. յանձնախումբը կ՚ընտրուի եօթը տարին անգամ մը գումարուող Ե.Հ.Խ.ի համաժողովէն…
Աւագ Երեքշաբթի, 26 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ «Տասն Կուսանաց» յիշատակի ժամերգութիւնը՝ մասնակցութեամբ Մայրավանքի կիրակնօրեայ դպրոցի խումբ մը աշակերտուհիներու։ Տասը կոյսերը խորհրդանշող տասը աշակերտուհիները, իւրաքանչիւրը իր ձեռքին բռնած լապտեր մը, ներկայացան եկեղեցւոյ դաս եւ ներկայացուցին Քրիստոսի երկրորդ գալստեան հինգ պատրաստ (իմաստուն) եւ հինգ անպատրաստ (յիմար) կոյսերը։ Աւետարանական ընթերցումի…
Շաբաթ, 23 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքին միջեւ հանդիպում կայացաւ ասորիներու Աթշանէի վանքին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր։ Այս հանդիպումին, Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։ Յայտնենք, որ նոյն օրը երեկոյեան,…
Կիրակի, 24 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Ծաղկազարդի տօնին մեծաշուք հանդիսութենէն ետք, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ մեր եկեղեցւոյ հոգեզմայք արարողութիւններէն Դռնաբացէքը։ Արարողութեան հանդիսապետեց «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Օրուան խորհուրդին պատգամը փոխանցելու համար Շահար սրբազան վեր առած…
Ծաղկազարդի տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ ներկայութեամբ մեծ թիւով մանուկներու, երիտասարդ ընտանիքներու եւ հաւատացեալներու։ Այս իրողութիւնը ա՛լ աւելի ներշնչիչ կը դարձնէ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ հոգեպարար արարողութիւնը ա՛լ աւելի կը լիացնէ հաւատացեալը։ Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու…
Շաբաթ, 23 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի ներկայացուցիչները՝ Վանիկ Տագէսեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), Յակոբ Բագրատունի (Հ.Յ.Դ.) եւ բժիշկ Աւետիս Տագէսեան (Ռ.Ա.Կ.)։ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով քաղաքական երեք կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք աշխատանքները ու ժողովրդային ձեռնարկները։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց միջ-կուսակցական գործակցութիւնը, յատկապէս համահայկական ու…
Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2024-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 50 ամեակին առիթով եւ հիւրընկալութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, միջ-եկեղեցական յատուկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ՝ պատուոյ հիւր ունենալով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Ընդհանուր Քարտուղար պատուելի դոկտ. Ճերի Փիլէյ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, որ…
Ուրբաթ, 22 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստանի ու Լիբանանի ներքին կացութեանց առնչուած հարցեր։
Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Ճերի Փիլէյ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընկերակցութեամբ նոյն Խորհուրդին մէջ Միջին Արեւելքի առնչուած շարք մը պատասխանատուութիւններ ունեցող Գարլա Խիժոյեանին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) փոխ ընդհանուր քարտուղար Սեդա Խտըշեանին: Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդհանուր քարտուղարը երկար հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին, ընդառաջելով…
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 12 Մարտէն 15 Մարտ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներ եւ թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչներու հանդիպումներ: Յիշեալ մարմինները նախ առանձնաբար հանդիպումներ ունեցան եւ ապա՝ միացեալ, յատուկ օրակարգերու համաձայն: ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ Կրօնական Ժողովը, առաջին…
Անկրկնելի եւ անփոխարինելու անհուն լիցքաւորում մը կ՚ապրինք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերուելուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն անոր օրհնութիւնը ստանալուն եզակի առիթով։ Մեծ սուրբին Խոր Վիրապ մուտքը, կրած չարչարանքներուն դէմ իր յաղթանակը եւ Հայաստան աշխահին մէջ քրիստոնէութեան պետականացումը մեր հաւատքին մէջ ամրանալու հրաւիրող միակ ազդակները չեն միայն, այլ նաեւ՝ սուրբին մասունքները պատմութեան փոթորիկներուն…
Մեր եկեղեցւոյ առաջին հայրապետին եւ երկրորդ լուսաւորիչին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի տօնին առիթով, Շաբաթ, 16 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի համանուն Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Առ այդ, մեծ սուրբի տօնին յաջորդ օրը հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն կը նշենք «Անթիլիասի Ուխտի Օր»ը։ Արդարեւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մասնակցութեամբ…
Անթիլիասի Ուխտի Օրուան պատրաստութիւններու ծիրէն ներս, 16 Մարտ 2024, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, ուղղուեցաւ «Կիլիկիա» թանգարան, ուրկէ դուրս բերաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմամշակութային եկեղեցական հարստութիւններէն տարբեր սուրբերու մասունքներ եւ աջեր։ Յիշեցնենք, որ Կիրակի, 17 Մարտ 2024-ին, «Անթիլիասի Ուխտի Օր»ն է։ Այս առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ կը…
Գարակէօզեան եւ Սուրէն Խանամիրեան նախկին ազգային վարժարաններու կառոյցը, Ֆանարի Լէյլաւան ժողովրդային տուներուն կից, երիտասարդական ու մշակութային կեդրոնի պատշաճեցման համար վերանորոգութեան ենթարկուելէ ետք, հանրութեան կը տրամադրուի որպէս «ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԵԴՐՈՆ»։ Այս առիթով, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն, թեմակալ առաջնորդներուն, թեմերու ազգային վարչութեանց ատենապետներուն, հայ համայնքներու ու քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն,…
Հինգշաբթի, 14 Մարտ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Ազգային Կեդրո նական վարչութեանց Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու խառն նիստի աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը արքութեան տիտղոս շնորհեց՝ — Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանին, — Սպահանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սիփան Եպս. Քէչէճեանին, — Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից…
5-8 Մարտ 2024-ին, Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ.) ներկայ ութամեայ նստաշրջանի աշխատանքներուն ծրագրաւորման ժողովը։ Այս ծիրին մէջ, Կլիմայական Արդարութեան Եւ Կայուն Զարգացման յանձնաժողովին յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) անդամ Արշաւ Ճէրէճեան։ Յանձնաժողովը ընդգծեց եկեղեցիներու դերակատարութիւնը կլիմայական արդարութեան, սնունդի եւ ջուրի,…
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յառաջիկայ օրերու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար պիտի գումարուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստեր։ Առաջին հերթին, Կրօնական Ժողովը իր նիստը պիտի գումարէ, ուր պիտի քննուին առաւելաբար կրօնական բնոյթ ունեցող ծրագիրներ ու աշխատանքներ։ Երկրորդ օրը Քաղաքական Ժողովը պիտի հանդիպի՝ քննելու համար Կաթողիկոսարանի կառոյցներուն գործունէութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ առանձին հանդիպումներ պիտի…
9 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Գանատայի դեսպանուհի Սթեֆանի ՄըքՔալըմ, ընկերակցութեամբ քաղաքական հարցերու իր խորհրդականին։ Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, հարաւի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ Լիբանան-Գանատա յարաբերութեանց առնչուած հարցեր։
Մարտ 8-ն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռոյս գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին ծննդեան օրն է։ Արդարեւ, Ուրբաթ, 8 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, վանաբնակ միաբան հայրերն ու Կաթողիկոսարանի զանազան կառոյցներու պաշտօնէութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նշեցին ազգիս հովուապետին ծննդեան տարեդարձը։ Սիրոյ, յարգանքի, առողջութեան, արեւշատութեան ու բեղուն ծառայութեան բարեմաղթութիւններով լեցուն խօսքեր արտասանուեցան միաբանութեան ու պաշտօնէութեան կողմէ։…
Չորս օրերէ ի վեր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) կեդրոնատեղիին (Ժընեւ, Զուիցերիա) մէջ տեղի կ՚ունենայ Խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովի հանդիպումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ յանձնաժողովի իբրեւ լիիրաւ անդամ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Յայտնենք, որ այս յանձնաժողովը Ե.Հ.Խ.ի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկն է, որ կը զբաղի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ միջազգային հարցերով: …
Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Ճափոնի դեսպան Մակոշի Մասայուքիի: Նկատի ունենալով, որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն է Կաթողիկոսարան, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերով բացատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցը եւ առաքելութիւնը, յատկապէս ծանրանալով լիբանանահայութեան եւ անոր քաղաքական դերակատարութեան վրայ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ համայնքէն ներս գործող կրթական, ընկերային ու մշակութային…
Աւանդութիւն է, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիսապետէ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուող Միջինքի օրուան Արեւագալի արարողութեան։ Արդարեւ, ուրախութիւն էր մեզի համար այս տարի տեսնել վերականգնումը անցած տարիներուն բոլորիս ծանօթ պայմաններու բերումով դադար առած այս աւանդութեան։ Առ այդ, Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, Դպրեվանքի տեսչութեան եւ սաներուն, ինչպէս նաեւ…
Երկուշաբթի, 4 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի եթովպական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ համայնքի հոգեւոր հովիւին եւ վարչութեան ատենապետին: Այցելուները Հայրապետին փոխանցեցին Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին եղբայրական ողջոյնները, իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին համայնքին նկատմամբ Նորին Սրբութեան ցուցաբերած հոգածութեան համար եւ պետութեան առնչուած կարգ մը հարցերու գծով խնդրեցին անոր միջամտութիւնը: Յայտնենք,…
Շաբաթ, 2 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին այցելեց Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը (Զ.Ո.Մ.)՝ ստանալու համար անոր օրհնութիւնն ու թելադրութիւնները։ Հանդիպումին ներկայ էր Զ.Ո.Մ.ի մօտ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան։ Զ.Ո.Մ.ին անունով սրտի խօսք արտասանեց Միութեան ատենապետ Սանահին Թոմասեան։ Ան ըսաւ, որ Միութիւնը կը բոլորէ իր 120 ամեակը. 2024 տարուան…
Ուրբաթ, 1 Մարտ 2024-ին, լեռնալիբանանի եւ հիւսիսային Լիբանանի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր առաջնորդ Խրիսոսթոմոս Միքայէլ Շամուն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ ստանալու համար Հայրապետին օրհնութիւնը իր առաջնորդական առաքելութեան սկզբնաւորութեան։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նորընտիր առաջնորդին ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր հովուական աշխատանքներուն մէջ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ երկար դարերու գործակցութիւն գոյութիւն ունի երկու եկեղեցիներուն…
Երեքշաբթի, 27 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (Լ.Օ.Խ.) շրջանային վարչութիւնը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնը՝ ստանալու Հայրապետին օրհնութիւնը։ Այս առիթով, վարչութեան անդամները Նորին Սրբութիւնը իրազեկ դարձուցին իրենց կատարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին։ Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, գնահատեց Լ.Օ.Խ.ին տարած նուիրական գործունէութիւնը եւ շեշտեց, յատկապէս ներկայ…
Հինգշաբթի, 29 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ եւ Պէյրութի քաղաքապետ Ապտալլա Տարուիշ, ընկերակցութեամբ քաղաքապետարանի խորհուրդի հայ համայնքի անդամներէն Արամ Մալեանի։ Ողջունելով նահանգապետին ու քաղաքապետին այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք՝ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց քաղաքապետարանին տարած աշխատանքներուն ու ձեռնարկած ծրագիրներուն, հակառակ երկրէն ներս տիրող ընկերատնտեսական տագնապին։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց հայ…
22-26 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Մաշտոցեան Մատենադարանի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն Արա Խզմալեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Վահէ Թորոսեան (տեղակալ), Գուրգէն Գասպարեան (խորհրդական) եւ Միհրան Մինասեան (խորհրդական): Ուրբաթ, 23 Փետրուարի առաւօտուն, պատուիրակութիւնը իր պաշտօնական այցը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին։ Տեսակցութեան ընթացքին քննարկեցին համագործակցութեան խորացման տարաբնոյթ…
Երկուշաբթի, 26 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։ Դեսպանը Հայրապետին զեկուցեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի տագնապին շուրջ ընթացող հանդիպումներուն ու քննարկումներուն մասին, յատկապէս նախագահական ընտրութեան ու երկիրը դիմագրաւող տնտեսական ու ընկերային հարցերու, ինչպէս նաեւ Կազայի պատերազմին գծով։ Ապա, ընդհանուր արժեւորումի ենթարկուեցաւ Լիբանանի ներքին կացութիւնը…
Արցախի մշակութային ժառանգութեանց պահպանումը եւ փոխանցումը նոր սերունդներուն՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին սրբազան առաքելութիւնն է։ Նոյն նպատակին համար գոյացած է «Արցախեան Մշակոյթի Պահպանման Կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը։ Արդարեւ, Արցախի մէջ թէ՛ Արցախէն դուրս մեր կոչումն է պահել արցախեան հոգեւոր եւ ազգային մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը։ Ուստի, յիշեալ կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած է համազգային դրամահաւաք՝ այս նպատակին համար, որ սկիզբ…
Ուրբաթ, 23 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Soroban Education Mental Arithmetic System-ի (SEMAS) Պուրճ Համուտի խումբ մը փոքրիկներ, որոնք եկած էին ստանալու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը եւ ներկայացնելու Լիբանանի ախոյանութեան վերջերս ձեռք բերած իրենց յաղթանակի բաժակը։ Յայտնենք, թէ SEMAS-ը ուսումնական կեդրոն մըն է՝ վաւերացուած Լիբանանի պետութեան կողմէ, որ 5-15 տարեկան փոքրիկներուն ու…
Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատկերացումը փոխանցեց իրեն այցելած միջ-քրիստոնէական գործակցութիւն ստեղծելու կոչուած համախմբումին: Այս վերջինը եկած էր ունենալու Նորին Սրբութեան տեսակէտը քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ զանազան մարզերէն ներս միացեալ աշխատանքի նախաձեռնելու գծով: Հիւրերը նախ ներկայացուցին ցարդ կատարած իրենց աշխատանքին արդիւնքը՝ կրթական, ընկերային, երիտասարդական, երկրագործական ու տեղեկատուական մարզերէն ներս: Լսելէ…
«Ահա հրաժեշտ կու տամ քեզի՝ Ս. Եկեղեցի։ Ահա կը մեկնիմ ես, հայրե՛րս, եղբայրնե՛րս եւ որդինե՛րս։ Աղօթեցէ՛ք ինծի համար, եւ մեր Փրկիչ Քրիստոսը պիտի օրհնէ ձեզ»։ Մեր եկեղեցւոյ յուզումնախառն այս բառերով իր վերջին հրաժեշտը տուաւ հայ եկեղեցւոյ ծառայ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին հաւատարիմ զաւակ եւ շատերու բարեկամ ու մտերիմ՝ հոգելոյս Տ. ԵՂԻՇԷ Ծ. ՎՐԴ.…
Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի առաջին ընդհանուր դատախազ դոկտ. Լուի Մորենօ Օքամփոյի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ։ Յայտնենք, որ դոկտ. Օքամփօ միջազգային համբաւ եւ յարգանք վայելող դատախազ է, որ կը բարձրաձայնէ ազգերու ու ժողովուրդներու բռնաբարուած իրաւունքներու վերահաստատման ու վերատիրացման պահանջատիրութիւնը։ Խօսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ դոկտ.…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի տնօրէնները, գլխաւորութեամբ ձեռնարկի Նիւ Եորքի (Ա.Մ.Ն.) գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեանի: Այցելուները Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին իրենց գործունէութիւնը, միաժամանակ՝ դիմագրաւած մտահոգութիւնները: Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց ի տես յիշեալ երկիրներուն մէջ Ճինիշեան ձեռնարկին կատարած գործունէութեան: Ան իր օրհնութիւնը տուաւ տնօրէններուն եւ իրենց օգնականներուն,…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի կարեւորագոյն համալսարաններէն՝ Սեն Ճոզեֆի տնօրէն փրոֆ. հայր Սելիմ Տաքքաշ եւ Օթել Տիօ հիւանդանոցի տնօրէն Նասիպ Նասեր: Հանդիպումին ներկայ էին Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ բժիշկ Համբիկ Քուրիէ: Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր գործակցութիւն մը ստեղծել…
Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առաւել քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Քաթարի դեսպան Շէյխ Սաուտ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Ալ-Սանիին հետ: Հանդիպումին, առաջին հերթին, անդրադարձ կատարուեցաւ շուրջ ամիս մը առաջ Քաթարի վարչապետ Մուհամմետ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Պըն Ճասեմ Ալ-Սանիի հրաւէրին ընդառաջելով՝ Նորին Սրբութեան Քաթար այցելութեան եւ յատկապէս վարչապետին…
Տէր Եղիշէ Ծայրագոյն Վարդապետ Մանճիկեան ծնած է 1942 թուականին, Քէսապի Գարատուրան գիւղը (Սուրիա)։ Աւազանի անունն է Արա։ Փոքր տարիքին ծնողքին հետ Պուրճ Համուտ (Լիբանան) փոխադրուելով՝ նախնական կրթութիւնը ստացած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց Ազգային Վարժարանին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 1956-ին։ Աւարտելով Դպրեվանքի Ժառանգաւորացի քառամեայ շրջանը՝ սարկաւագ ձեռնադրուած է 1960-ին՝ ձեռամբ Լիբանանի առաջնորդ…
ՀԱՆԳԻՍՏ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան Միաբանութեան երէց անդամներէն՝ Տ. ԵՂԻՇԷ Ծ. ՎՐԴ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆի (1942-2024) վախճանումը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2024-ի առաւօտուն։ Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուին Հինգշաբթի, 22 Փետրուար-ի կէսօրուան ժամը 02։00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր…
«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը վերջին երկու շաբթուան ընթացքին յաջորդաբար գումարեց առցանց երկու նիստեր (8-րդ եւ 9-րդ), նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Ի հետեւումն 19-20 Յունուար 2024-ին Անթիլիասի մէջ կայացած «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի խորհրդակցական հանդիպումներու որոշումներուն, առցանց նիստերուն քննարկուեցան Ապրիլ 24-ի նախօրեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ եւ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, գումարելի գիտաժողովին թեման եւ…
Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, իր հիմնադրութեան 50 ամեակին առիթով, յոբելինական եզակի համերգ մը տուաւ արուեստասէր ու երաժշտասէր հանրութեան, Շաբաթ, 17 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Էմիլ Լահուտ սրահին մէջ, Տըպայէ, Լիբանան։ Յոբելինական համերգը տեղի ունեցաւ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի վրայ Համբիկ Մարտիրոսեանի նուագակցութեամբ։ Համերգը նախատեսուած էր…
«Ազգասիրութիւնը, Հայրենասիրութիւնը Ու Եկեղեցասիրութիւնը Իրարմէ Անջատելը, Փաստօրէն, Տգիտութիւն է, Եւ, Աւելի՛ն՝ Ազգային Հերետիկոսութիւն» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) 60-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Շաբաթ, 17 Փետրուար 2024-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համագումարներու շարքին երրորդն ու վերջինը՝ «Հայրենիքն Ու Հայրենասիրութիւնը» խորագրով։ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի…
Ուրբաթ, 16 Փետրուար 2024-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Հանդիպման ընթացքին ընդհանրապէս քննարկուեցան Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր: Կեդրոնական Կոմիտէն իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան, Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ընկերատնտեսական դժուար պայմաններուն Հայրապետին Լիբանանի հայութեան նկատմամբ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան եւ գործնական զօրակցութեան համար: Նորին Ս. Օծութիւնը…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքնանշանով պարգեւատրեց քանդակագործ Վարդան Աւեսեանն ու կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը, Հինգշաբթի, 15 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան։ Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.)։ Արուեստաբոյր երեկոյեան բացման խօսքը արտասանեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ական Կալի Աւագեան, որ…
Այս հասցէկապով կրնաք առցանց կարդալ Կաթողիկոսարանիս ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթին Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2023-ի թիւը։ ՀԱՍԿին նախկին թիւերը կրնաք ներբեռնել այցելելով մեր կայքի «ՀԱՍԿ» ենթաբաժինը։
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մեծաշուք հանդիսութեամբ եւ հաւատացեալներու խիտ շարքերու ներկայութեամբ նշուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը, Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան։ Միաբան հայրերու կողմէ աստուածաշնչական ընթերցումներէ եւ Անդաստանի հոգեզմայլ արարողութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը յղեց հաւատացելոց։ Ան ընդգծեց…
Սոյն գրութիւնը խտացումն է այն մտածումներուն, զորս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը արտայայտեց իր պատգամի ընթացքին՝ Վարդանանց տօնին առիթով արտասանուած Վեհարանի դահլիճին մէջ, 8 Փետրուար 2024-ին: ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԵՐՈՒՆ Ազգ մը կը կորսնցնէ իր ինքնաճանաչումը, երբ չունի իր կեանքին իւրայատուկ դիմագիծ եւ գերագոյն տուող խորհրդանիշեր: Ազգ մը կʼանհետանայ պատմութեան գիշերին մէջ,…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անցնող ամիսներու ընթացքին յաջորդաբար Հովուապետական այցելութիւններ կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետեւեալ թեմերուն՝ Յունաստան, Կիպրոս, Գանատա, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Քուէյթի, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, հանդիպումներ ունեցաւ թեմական ու համայնքային ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Դարձեալ անցնող ամիսներուն, Նորին Սրբութեան առաջնորդութեամբ, Կաթողիկոսարանը դիմեց շարք մը նախաձեռնութիւններու, նպատակ ունենալով Արցախի…
«Հաւատարիմ Մնանք Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Խորհրդանիշներուն» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայոց պատմութեան դարաւոր անցեալը վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց մղուած խիզախ օրինակներով լեցուն անցեալ մըն է։ Որքան ալ տարիներու թաւալումով հեռանանք հայրենասիրութեան եւ արիութեան թարգման հանդիսացող վաղ անցեալի դէպքերէն, նոյնքան կը զգանք պէտքը մօտենալու անոնց պատգամին՝ կարենալ կերտելու համար արդի մեր պատմութեան նոր յաղթանակները։…
Երկխօսութիւնն ու փոխ յարաբերութիւնը անձերու կամ կառոյցներու միջեւ առիթ են զիրար ճանչնալու ու ծանօթանալու։ Անցնող չորս տարիներու ընթացքին, կաթոլիկ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներու համար կ՚իրականանայ Վատիկանի ծանօթացման յատուկ ծրագիր մը։ Արդարեւ, այս տարի եւս, 22 Յունուարէն 2 Փետրուար 2024-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…
Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2024-ին երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը։ Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան առնչուած խնդիրներ ու մտահոգութիւններ եւ շեշտուեցաւ երկրին ամբողջականութիւնը ու անվտանգութիւնը պահպանելու հրամայականը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան…
Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպանուհի Տեսփինա Քուքուլոփուլուն։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցն ու առաքելութիւնը եւ անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան ու յատկապէս տնտեսական տագնապին եւ նախագահական ընտրութեան առնչուած աշխատանքներուն։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ խօսեցաւ անցեալ տարի Յունաստանի Թեմին…
22-23 Յունուար 2024-ին, Ժապալ Ալիի (Ա.Մ.Է.) կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Քուէյթի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան։ Յիշենք, որ Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդին անդամ են Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երկու թեմերը՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմն ու Արաբական Միացեալ…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի Փետրուար ամսու առաջին Կիրակիին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի կ՚ունենայ հոգեհանգստեան կարգ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայրապետական դարաւոր ու պատմական Ս. Աթոռին հայրապետներուն եւ միաբան հայրերուն հոգիներուն խաղաղութեան համար։ Արդարեւ, Կիրակի, 4 Փետրուար 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, միաբան հայրերէ,…
«ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆՈՒԹԵԱՄԲ ԹԵՄԻ ՎԵՐԱԾԱՂԿՈՒՄԻ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԻ ԸՆԹԱՑՔԸ ՆՈՐ ԹԱՓ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Այս հաստատումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Տուպայի մէջ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ճաշկերոյթի մասնակիցները, իր փակման խօսքին մէջ: Արդարեւ, շուրջ 400 անձեր մասնակցեցան ճաշկերոյթին, որ դարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին վերածաղկումի շօշափելի…
Երեքշաբթի, 30 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Տուպայի մէջ անգլերէն լեզուով դասախօսութիւն մը տուաւ «Համաշխարհայնացումը եւ Հայ Երիտասարդը» (The Globalization and the Armenian Youth) նիւթին շուրջ: Բացման խօսքը կատարեց Ռոզալին Թաշճեան: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետին առաջարկած նիւթը այժմէական է, որովհետեւ ներկայ աշխարհը բոլորովին տարբեր իրականութիւններով ու տագնապներով կը ներկայանայ…
Երկուշաբթի, 29 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Տուպայի լիբանանեան հիւպատոսարանը, ուր դիմաւորուեցաւ հիւպատոս Ասսաֆ Տումաթի եւ հիւպատոսարանի անձնակազմին կողմէ: Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակային հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, թեմին մէջ ծառայող հոգեւորականները, Սուրբ Աթոռիս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ…
«ՍՓԻՒՌՔԻ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին շնորհած իր hովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ապու Տապիի, Տուպայի եւ Շարժայի մէջ յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ թեմական կառոյցներուն հետ: Առաջին հանդիպումը կայացաւ Ապու Տապիի մէջ, ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ…
Երկուշաբթի, 22 Յունուար–Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024, Հռոմի մէջ, Վատիկանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքին հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիք Աստուածաբանական Երկխօսութեան 20-րդ ժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ այս հանդիպումին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան։ Ժողովին օրակարգը Մարեմաբանութիւնն էր, որուն շուրջ…
«ՀԵՏԵՒԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՌՆԱԼ ԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԻՆ՝ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կիրակի, 28 Յունուար 2024-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատոյց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.), Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան: Ս.…
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.), Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին հովուապետական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 27 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Շարժայի Օհաննէսեան ազգային միօրեայ վարժարանը, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, ուսուցչական կազմին եւ վարժարանի փոքրիկ աշակերտներուն կողմէ։ Այցելութեան Հայրապետին կողքին ներկայ էին թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Օշական Արք.…
Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց համերաշխութեան եւ կրթութեան նախարար Շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ-Նահեան ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Ս. Աթոռոյս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, թեմի ազգային…
«ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՄՂԻՉ ՈՅԺ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2024-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպան Ֆուատ Շհապ Տանտանի եւ լիբանանեան համայնքի գործատէրերու խորհուրդի միացեալ կազմակերպութեամբ, ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին ներկայ էին շուրջ 150 անձեր։ Իր բարի գալստեան խօսքին մէջ…
Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Ապտալլահ Պըն Զայէտ Ալ Նահեանի հետ։ Հանդիպումը կայացաւ նախարարին բնակարանին մէջ: Նախարարը իր կողքին ունէր պետական նախարարուհի Նուրա Պընթ Մուհամմետ Ալ Քաապի: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը…
Չորեքշաբթի, 24 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպանատուները՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ: Նորին Սրբութիւնը նախ այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Ֆուատ Շհապ Տանտանի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ։ Դեսպանատան մէջ ներկայ էին Ապու Տապի հաստատուած հայ եւ լիբանանցի անձնաւորութիւններ։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ…
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան երկրորդ օրը՝ Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց թեմի առաջնորդանիստ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի, ուր կանոնական աղօթք կատարեց եւ իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։ Նորին Սրբութիւնը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Քուէյթի եւ Շրջակայից…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 22 Յունուար 2024-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Բիեթրօ Բարոլին Քարտինալին հետ։ Յատուկ օրակարգի նիւթ դարձաւ Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ դժուարութիւնները։ Այս ծիրէն ներս Նարեկ Արք. Քարտինալին փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին կարգ մը մտահոգութիգնները ու պատկերացումները։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Լիբանանը դիմագրաւող հարցերուն գծով Նորին…
Ապու Տապի այցելութեան իր առաջին օրը՝ Երկուշաբթի, 22 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղեց Ապու Տապիի մէջ գումարուող Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու խորհուրդի համագումարին: Համագումարի կեդրոնավայրին մէջ պաշտօնական ընդունելութենէ ետք, Ծոցի եկեղեցիներու խորհուրդի ատենապետ Մակարիոս Արքեպիսկոպոսը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը: Ան ըսաւ, թէ Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան 50 տարիներ ո՛չ միայն…