Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՒԷՐ ՝ ՄԱՀԷՆ ԴԷՊԻ ԿԵԱՆՔ ԸՆԹԱՆԱԼՈՒ Պօղոս Առաքեալ, Եփեսոսի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ’ըսէ, թէ Աստուած «մեզ վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով» (2.5)։ Առաքեալին այլ նամակներուն մէջ եւս շեշտուած յիշեալ հաստատումը, նպատակը կը կազմէ Աստուծոյ Որդւոյն առաքելութեան, եւ հետեւաբար, առանցքը՝ քրիստոնէական հաւատքին։ «Մահ»ը աստուածաշնչական հասկացողութեամբ սոսկ ֆիզիքական գոյութեան վախճանը…