ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ԱՐՑԱԽԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՄԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի կազմակերպութեամբ, 20-22 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» խորագրով միջազգային համագումարը։ Եռօրեայ նիստերուն մասնակցեցան Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն շուրջ 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։

Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով համագումարին ներկայ էին նաեւ Միջազգային Քրէական Դատարանի առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ, ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային Ժողովին ստեղծած Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի աշխատանքները համակարգող, նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան։

Համագումարը քննարկեց Արցախի հայաթափման յաջորդած Ազրպէյճանի յանցաւոր քաղաքականութիւնը եւ անոր արձագանգները միջազգային շրջանակներու եւ մամուլին մէջ։ Ուշադրութեան կեդրոնին էին Արցախի ժառանգութեան նկատմամբ իրագործուող մշակութային ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ներուժի համախմբումը եւ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ հնարաւոր քայլերը։ Շեշտուեցան Արցախի ժողովուրդին միջազգային երաշխիքներով հաւաքական վերադարձի իրաւունքի եւ յարակից այլ իրաւունքներու իրացման հիմնաւորումները ու հնարաւորութիւնները։

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը քննարկեց նաեւ Արցախի հայաթափման հետեւանքով Հայաստանի հանրապետութեան սպառնացող գոյութենական վտանգները եւ որոշեց․-

ա) Հրատարակել համագումարի նիւթերու ժողովածուն։

բ) Պատրաստել Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը փաստագրող թղթածրար՝ առ ի օգտագործում իրաւաքաղաքական բոլոր շրջանակներուն, ի նպաստ հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ Արցախին իրաւունքներու վերականգնման աշխատանքներուն մասնաւորապէս։

գ) Հաստատել խորհրդակցական կապեր համահայկական օրակարգերու ձեւաւորման շուրջ վերլուծական եւ իրաւաքաղաքական աշխատանքներ տանող կեդրոններու եւ դերակատարներու հետ։

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը պիտի շարունակէ իր հերթական աշխատանքները՝ օրակարգի վրայ ունենալով Հայրենիքի եւ Սփիւռքի խնդիրները։