Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր 51-րդ նիստին ընթացքին Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան ընտրեց որպէս թեմակալ առաջնորդ։ Այս առիթով ժողովի դիւանը պաշտօնական նամակով մը ընտրութեան արդիւնքները փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ խնդրեց անոր վաւերացումը։ Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական պաշտօնագրով մը իր օրհնութիւնը տուաւ ժողովական անդամներուն եւ վաւերացուց Սրբազանին ընտրութիւնը։
Գեղամ սրբազան նախապէս առաջնորդն էր Յունաստանի հայոց թեմին, որմէ առաջ որպէս առաջնորդ ծառայած էր Լիբանանի թեմին։ Սրբազանը տարբեր պարտականութիւններ եւ պաշտօններ ստանձնած է, ինչպէս՝ Դպրեվանքի հսկիչ, մատակարարապետ, ազգային վարժաններու մէջ կրօնի եւ հայագիտութեան ուսուցիչ։ Գեղամ սրբազան 2017 թուականին ստացած է իրաւաբանական ճիւղի մաքիստրոսի աստիճան, Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանէն։ Ունի հայերէն եւ արաբերէն հրատարակութիւններ։