ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԳՈՒՄԱՐԵԼ ԻՐ ՅԱՋՈՐԴԿԱՆ ՆԻՍՏԵՐԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» գիտաժողովը իր առաջի օրուան աշխատանքները աւարտեց վեց նիստերով։

Բացման նիստէն ետք հանդէս եկաւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ համապարփակ կերպով անդրադարձաւ Ազրպէյճանի աւելի քան մէկ դարէ ի վեր իր սահմանակից երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն դէմ կատարած պատմամշակութային խեղադիւրման քաղաքականութեան։ Ապա, փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան խօսեցաւ «Մեծ Ազրպէյճան» ծրագրին նպատակով համաթուրքական հայեցակարգի հանգրուաններուն եւ այդ մէկուն իրականացման համար աշխարհաքաղաքական շահերու բերումով տարածաշրջանային դերակատարներուն ազդեցութեան մասին։ Դոկտ. Գայիանէ Յովհաննիսեան զեկուցեց Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի վարած ազգային խտրական քաղաքականութեան եւ հակահայ ժողովրդագրական քաղաքականութեան դրսեւորումներուն մասին՝ հիմնական նպատակ ունենալով փոխել շրջանին էթնիկ պատկերը։ Նիստը վարեց փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան։

Երրորդ նիստի ընթացքին փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան իբրեւ զեկուցաբեր լուսարձակի տակ առաւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տարածաշրջնային նոր աշխարհառազմավարութիւնը, որուն հիմքը կը կազմեն նոր օսմանականութեան եւ բանթուրքիզմի հայեցակարգերը՝ այս առումով Արցախի հայաթափումը եւ Արցախի ամբողջական կլանումը Ազրպէյճանի կողմէն։ Այս նիստին զեկուցեց նաեւ դոկտ. Կարէն Խանլարեան, որ ընդգծեց Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական դերը համաթուրքական ծաւալապաշտութեան խափանման գործընթացքին մէջ՝ մասնաւորապէս թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպան դաշինքին կողմէ պարբերաբար հնչող «Զանգեզուրի միջանցք» հռետորաբանութեան առումով եւ անդրադարձաւ Իրանի պետական պաշտօնակատարներու դիրքորոշումներուն այս գծով, իսկ Ահարոն Շխրտըմեան ներկայացուց նոր օսմանականութիւնը եւ այս իմաստով տարբեր ոլորտներու մէջ տարուած քաղաքականութիւնները։ Սոյն նիստը վարեց փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան։

Չորրորդ նիստի զրուցավարն էր Ահարոն Շխրտըմեան։ Ելոյթ ունեցան փրոֆ. Արմէն Մարուքեան, որ Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմի քարոզչական-տեղեկատուական ուղղութիւններուն մասին մանրամասնեց եւ դիտել տուաւ, որ Հայաստանն ու Սփիւռքի կառոյցները պէտք է վերանային իրենց գործունէութեան նախկին մարտավարութիւնը եւ որդեգրեն պայքարի նոր մեթոտներ։ Ապա, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան համապարփակ կերպով մատնանշեց Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանական արարքի միջազգային օրէնքի տակ քննարկումը՝ պետական եւ ոչ-պետական կարողականութեան ընձեռած հնարաւորութիւններու ծիրին մէջ եւ կեդրոնացաւ Մեծի Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկոսութեան 2015 թուականին բացած դատին վրայ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով իբրեւ նախադէպ։

Օրուան վերջին նիստով, դոկտ. Իսկուհի Աւանեսեան ներկայացուց Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնները, միջազգային իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումները եւ պատերազմական յանցագործութիւնները։ Փրոֆ. Վահրամ Բալայեան խօսեցաւ Սեպտեմբեր 2023-ին Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն մասին եւ Ազրպէյճանի օգտագործած ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող աշխարհագրական դիրքը եւ ուժանիւթային աղբիւրները, ու անդրադարձաւ Արցախի բռնի տեղահանման հետեւանքներուն եւ կործանարար գործընթացը կանխելու կարելիութիւնները։ Իսկ Եղիա Թաշճեան ներկայացուց Հարաւային Կովկասի շուրջ յետ 2020-ի աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական իրադարձութիւնները եւ ապագայ մարտահրաւէրները։ Նիստը վարեց Տիգրան Եկաւեան։

Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցած զրոյցները աւելիով հարստացուցին ներկայացուած նիւթերը։