Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը:
Վարչութեան անդամները Հայրապետին ներկայացուցին Միութեան աշխատանքային յառաջիկայ ծրագիրները, յատկապէս Մայիս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Մայիսեան Փառատօնին առնչուած: Այս ուղղութեամբ շրջանային վարչութեան անդամները խնդրեցին Նորին Սրբութեան բարձր հովանաւորութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ ջերմ գնահատանքը յայտնեց ի տես Հ.Մ.Ը.Մ.ի կատարած աշխատանքներուն, ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ բոլոր գաղութներուն մէջ, յատկապէս հայեցի դաստիարակութեան ու ազգային կազմաւորման իմաստով: Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց, որ նոյն ոգիով ու յանձնռաութեամբ Միութիւնը շարունակէ իր հայանպաստ գործունէութիւնը։