ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ
ԵՒ ԱՄՈՒՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱՒՈՐԵՆՔ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
Շուտով 2023 տարին կը դառնայ անցեալ ու մեր կեանքի հորիզոնին դիմաց կը բացուի Նոր Տարին: Արդարեւ, ահաւոր յուսահատութեամբ ու խոր յուսախաբութեամբ լեցուն եղաւ անցնող տարին մեր ազգի կեանքին մէջ: Կ՚ապրինք աննախատեսելի վտանգներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Կը խարխափենք անորոշութեան մէջ: Մեր պատմութեան անցեալի ու ներկայի դառն փորձառութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ հարկ է վստահիլ մեր սեփական ուժին ու գործել՝ մղուած ազգին ու հայրենիքին գերագոյն ու ընդհանրական շահերէն: Հետեւաբար, առաւել քան երբեք այսօր հրամայական կարիքը ունինք ներկայ անորոշ կացութենէն մեզ դուրս բերող ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ, եւ առաջին հերթին՝ Արցախի գծով:
Բռնագրաւուեցաւ Արցախը Ազրպէյճանի կողմէ, եւ աւելի քան հարիւր հազար արցախցիներ ենթարկուեցան բռնագաղթի: Աշխարհը լուռ մնաց: Լուռ մնացին նաեւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր երկիրները: Սակայն մենք պէտք չէ լուռ մնանք: Արցախի էջը փակուած չէ մեզի համար: Պէտք է ազգովին պայքարինք՝ միջազգային օրէնքին համաձայն երաշխաւորելով Արցախի հայութեան վերադարձը, միջազգային հովանիին ներքեւ ապահովելով Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ազատ արձակումը Արցախի ձերբակալուած պետական պատասխանատուներուն: Այս նպատակի իրագործման համար անհրաժեշտ է համահայկական մաշտապով լծուիլ աշխատանքի՝ հայ թէ օտար մասնագէտներէ բաղկացած յատուկ յանձնախումբի մը ճամբով:
Կ՚ողջունենք Արցախի հանրապետութեան լուծարման հրամանագրի չեղեալ նկատումը: Միաժամանակ հրամայական կը նկատենք, որ Արցախի պետական կառոյցները շարունակեն գոյատեւել եւ մանաւանդ Արցախի ժողովուրդը չդառնայ սփիւռք, այլ՝ համախումբ ու կազմակերպ ներկայութիւն Հայաստանի մէջ: Արդարեւ, նման կարեւոր քայլեր՝ Արցախի պայքարին պիտի տան իրաւական հիմք զայն դարձնելով նաեւ գոյութենական խնդիր:
Նոր ռազմավարութիւն պէտք է մշակէ Հայաստանի իշխանութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը սոսկ զիջումներ կատարելու կացութենէն դուրս գայ: Իրապաշտութիւն չի նշանակեր համակերպում: Հայաստանը պէտք չէ վճարէ տարածաշրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատման գինը: Նշեալ եւ յարակից այլ խնդիրներու մասին յաճախակի առիթներով Մեր տեսակէտները յստակ ու հետեւողական կերպով պարզած ենք՝ շեշտելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է նկատի առնէ թէ՛ հայրենի ժողովուրդին եւ թէ Սփիւռքին տեսակէտները՝ երկրին համար ճշդորոշիչ կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներու նկատմամբ:
Կորսնցուցինք Արցախը, հայրենիքի այս կարեւոր հողատարածը: Զգո~յշ… կրնանք կորսնցնել նոր տարածքներ նա՛եւ Հայաստանէն: Աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթը եւ տարածաշրջանի ուժերու յարակցութիւնը ճի՛շդ ըմբռնենք: Քաջ գիտնալով, որ ո՛չ մօտաւոր եւ ոչ ալ հեռաւոր մեր բարեկամները կրնան օգնութեան հասնիլ մեզի, հարկ է որ Հայաստանի քաղաքական արեւելումը ըլլայ հաւասարակշռուած Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, հեռու մնալով միակողմանի ու գրգռիչ քայլերէ, որոնք կրնան Հայաստանը վերածել հզօր պետութիւններու մրցակցութեան դաշտի:
Նոր ռազմավարութիւն պէտք է մշակէ նա՛եւ Սփիւռքը: Յաջորդական պատերազմներու պարտութենէն, Արցախի բռնագրաւումէն եւ ներկայ իշխանութեան կողմէ առնուած ռազմա-քաղաքական քայլերէն յուսախաբ դարձած Սփիւռքը իրաւունք չունի լուռ մնալու՝ աննախատեսելի վտանգներով լեցուն ներկայ անորոշ կացութեան դիմաց: Ոչ ալ Հայաստանը իրաւունք ունի անտեսելու Սփիւռքը իր լայն կարելիութիւններով: Սփիւռքը ռազմավարական գործընկեր է Հայաստանին: Հետեւաբար, ան չի կրնար սոսկ հակազդողի դերին մէջ ըլլալ: Ըսելիքի կողքին, Սփիւռքը նաեւ ու մա՛նաւանդ ընելի՛ք ունի՝ համահայկական մտածողութիւն մշակելով, սփիւռքեան կառոյցներու միջեւ համագործակցութիւն ստեղծելով, իր փորձագէտները գործի մղելով եւ իր փորձառութիւնն ու միջազգային կապերը լայնօրէն օգտագործելով:
Սիրելի՛ ժողովուրդ, մաշած գովազդներով, կրկնուող լոզունգներով, եւ սպառած օրակարգերով չենք կրնար այլեւս մեր կեանքը շարունակել: Պահ մը դիտենք մեր շուրջը: Մեր ազգը ու հայրենիքը պահող արժէքներու համակարգը սկսած է խախտիլ եւ արժեչափերը՝ շրջուիլ: Ապազգայինին դիմաց ազգայինը սկսած է նահանջել: Հայաստան եւ Սփիւռք սկսած են իրարմէ հեռանալ: Մեր համայնական կեանքէն ներս ճեղքերը սկսած են խորանալ, եւ զիրար արհամարհելու ու անտեսելու ապականիչ մշակոյթ մը սկսած է իր տիրապետութիւնը հաստատել հայ կեանքէն ներս:
Անդրադառնանք այլեւս, որ փաստօրէն անդունդի եզրին ենք եւ առանձի՛ն: Հետեւաբար՝ վե~ր, վե~ր բարձրանանք պղպջակային հարցերէ եւ անիրատես սպասումներէ ու միակողմանի դատումներէ. թող մեր քննարկումները ըլլան խորքային ու նպատակասլաց, հայրենաշէն ու ազգակերտ: Այսօր մեր ազգին առաջնահերթ եւ անյետաձգելի օրակարգը Հայաստանի պետութեան փրկութիւնն է, որուն շուրջ պէտք է համախմբուին Հայաստանի ու Սփիւռքի բոլոր ուժերը անխտի՛ր: Ա՛յս կը պահանջուի մեր ղեկավարներէն, հոգեւորականներէն ու մտաւորականներէն. այլ խօսքով՝ մեր բոլորէ՛ն:
Իրատեսութենէ ու հեռատեսութենէ բխող յիշեալ մտածումները, շեշտաւորումները ու մտահոգութիւնները մեզ պէտք է մղեն արթնութեան, զգաստութեան ու պատասխանատուութեան: Մեր պատմութեան ներկայ ճգնաժամային հանգրուանին, ազգը ու հայրենիքը անմիջական անհրաժեշտութիւնը ունին ազգային գաղափարախօսութեամբ թրծուած ու նոր ռազմավարութեամբ ու մարտավարութեամբ հունաւորուած համահայկական օրակարգի, ինչպէս նաեւ զայն կեանքի կոչելու յանձնառութիւնը ունեցող եւ մեր ազգին բեւեռացուած զաւակները համախմբող իմաստուն ու հեռատես ղեկավարներու: Այլ ճամբայ չկայ մեր կեանքին դիմաց:
Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ հինը քանդելու ու նորը շինելու եւ ապականած արժէքներու համակարգը փոխարինելու՝ մարդը մարդայնացնող արժէքներով: Ա՛յս է պատգամը Նոր Տարուան. ա՛յս է խորհուրդը Աստուածայայտնութեան։
Նոր Տարին մեր ազգին համար պէտք է դառնայ վերանորոգ յոյսով, հաւատքով ու վճռակամութեամբ ապագային նայելու ու մեր ազգին ու հայրենիքին պայծառ ապագան կերտելու հրաւէր: Կ՚աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային շնորհքներով ու բարիքներով ծաղկեցնէ մեր ազգին կեանքը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, եւ պահէ ու պահպանէ մեր հայրենիքը երեւելի եւ աներեւոյթ չարերէ ու չարիքներէ:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 Յունուար, 2024
Անթիլիաս, Լիբանան