Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի փակման խօսքին, արտասանուած Լիբանանի հայոց Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ կազմակերպուած Հայրապետական գահակալութեան 27-ամեակի նշման առթիւ, 2 Յուլիս 2022-ին։
Գոհութիւն եւ փառք կու տամ Աստուծոյ, որ զիս արժանի նկատեց որպէս Կաթողիկոս ծառայելու հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։
Իմ ջերմ շնորհակալութիւնս մեր ժողովուրդին, որ զիս հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը կենսագործելու, մեր ազգի ու հայրենիքի պատմութեան վճռադրոշմ ժամանակաշրջանին։
Իմ յատուկ շնորհակալութիւնս Առաջնորդ Սրբազանին եւ Պրն. Յ. Բագրատունիին, իրենց արտայայտած ազնիւ մտածումներուն համար, ինչպէս նաեւ իմ բարձր գնահատանքս Հայր Սուրբին ղեկավարութեամբ Կաթողիկոսարանի Շնորհալի, Արմաշ եւ Նարեկացի երգչախումբերու գեղեցիկ ելոյթներուն համար։
Արդարեւ, 27 տարիներ առաջ, Անթիլիասի Մայրավանքի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի խորանին վրայ ծնկաջոք Սաղմոսին բառերով աղօթեցի.- Ո~վ Աստուած, ցոյց տուր ինծի այն ճամբան, ուրկէ պէտք է քալեմ։ Այդ ճամբան Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան ճամբան էր։ Ու քալեցի այդ ճամբէն, աղօթքով ու հաւատքով զօրացած։ Քալեցի այդ ճամբէն մեր Սուրբ Աթոռին, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն արժէքները ու սկզբունքները ամէն բանէ վեր նկատելով։ Եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայելը նուիրական կոչում է ու սրբազան պարտաւորութիւն, զոր փորձեցի իրագործել՝ պատասխանատուութեան ոգիով, անմնացորդ նուիրումով ու ամբողջական սիրով։ Եթէ սխալներ գործեցի, կամայ թէ ակամայ, թող Աստուած ներէ։ Եթէ թերութիւններ ունեցայ, կամայ թէ ակամայ, թող մեր ժողովուրդը ներէ։
Լեւոն Շանթ, որքան կը յիշեմ, իր «Հին Աստուածներ» գործին մէջ մօտաւորապէս հետեւեալը կ՚ըսէ.- ամէն օր գագաթ մը նուաճել, եւ նոր ու աւելի բարձր գագաթներ նուաճելու հաւատքը ու կամքը ունենալ։ Այս նպատակասլաց յանձնառութեամբ մեր Սուրբ Աթոռին առաքելութիւնը փորձեցի հարստացնել նորանոր իրագործումներով զայն բանալով նոր մարզերու ու հորիզոններու։ Բոլոր պարագաներուն, բոլոր պայմաններուն մէջ ու բոլոր տագնապներուն դիմաց կեանքիս նպատակը ու արժեչափը նկատեցի ծառայութիւնը միայն։ 27 տարիներու ծառայութեանս արժեւորումը կը թողում մեր ժողովուրդին ու պատմութեան։
Այս առիթով, կ՚ուզեմ հակիրճ կերպով երկու ընդգծումներ կատարել.-
Առաջին, խօսիլ Կաթողիկոսին մասին, կը նշանակէ խօսիլ Կաթողիկոսութեան մասին։ Արդարեւ, Վեհափառը սոսկ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը հովանաւորող անձը չէ. ան նոյնացած է Կաթողիկոսութեան հետ, իր կեանքն ու գործը շաղախելով անոր կեանքին ու առաքելութեան բոլոր տարածքներուն հետ։ Այսպէ՛ս ըմբռնեցի եւ ա՛յս համոզումով ջանացի արժեւորել հայրապետական գահակալութեանս տարիները՝ հաւատալով հաւաքական աշխատանքի կարեւորութեան ու արդիւնաւէտութեան։ Մեր Սուրբ Աթոռի իրագործումներուն մէջ իրենց գործօն ներդրումը ունեցան անկասկած մեր միաբանները, առաջնորդները, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութիւնները, մեր թեմերը, մեր գործակից կառոյցները ու մեր բարերարները։ Ջերմ շնորհակալութիւն բոլորին։
Երկրորդ, օր մը ազգային մը ըսաւ.- «Վեհափառ, ծառայութիւն բառը մնայուն ներկայութիւն է ձեր պատգամներուն մէջ»։ Պատասխանեցի՝ ոչ թէ լոկ պատգամներուս մէջ, այլ մեր Սուրբ Աթոռի կեանքին մէջ։ Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքը կարելի է խտացնել մէկ բառի մէջ՝ ծառայութիւն։ Այսպէ՛ս եղաւ երկրաւոր կեանքն ու առաքելութիւնը Քրիստոսին։ Այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ կեանքն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ։ Սովորական ու պարագայական չ՚եղաւ մեր Սուրբ Աթոռին ծառայութիւնը։ Ան եղաւ ու մնաց խորք ու որակ ունեցող, հետեւողական ու ծրագրուած ծառայութիւն, ժողովրդանուէր ծառայութիւն՝ բառին գերազանց ըմբռնումով։
Ամեակները, բնականաբար, առիթներ են ինքնարժեւորումի։ Անոնք նաեւ հրաւէր են յառաջատեսիլ մօտեցումով բացուելու նոր հորիզոններու՝ համահունչ նոր պայմաններու ու իրականութիւններու։
Կ՚ապրինք տագնապալից ժամանակներու մէջ։ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք կը դիմագրաւեն լուրջ տագնապներ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ մեր ազգին տագնապներուն նկատմամբ։ Մենք, ինչպէս միշտ, ըսելիք ու ընելիք ունինք։ Մենք պիտի շարունակենք մեր ըսելիքը ազգն ու հայրենիքը տառապեցնող խնդիրներուն մասին յստակօրէն ըսել եւ մեր ընելիքները կատարել ամբողջական նուիրումով։ Յառաջիկայ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին պիտի պարզենք մեր Սուրբ Աթոռին առաջնահերթութիւնները։ Հակառակ մեր դիմաց կանգնող ահաւոր դժուարութիւններուն եւ մեզ շրջապատող մարտահրաւէրներուն, մենք պիտի շարունակենք մեր ծառայական առաքելութիւնը վերանորոգ հաւատքով, ամբողջական նուիրումով, հաւաքական ճիգով ու ամուր վճռակամութեամբ։ Միասնական ոգի, համապարփակ մտածողութիւն, իրապաշտ մօտեցում ու համահայկական տեսլական միշտ պիտի մնան մեր Սուրբ Աթոռին առաքելութեան մղիչ ուժերը։
Թող Աստուած հզօր պահէ Հայաստանը, ամուր՝ Արցախը, պայծառ՝ հայ եկեղեցին, եւ անսասան՝ մեր ազգը։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ