Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՊԵՏՆ ՈՒ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԸ
Հինգշաբթի, 3 Յունուար 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Աւետարանական համայնքին պետ Վերապատուելի Հապիպ Պատրը՝ ընկերակցութեամբ նոյն համայնքի պետական երեսփոխան Դոկտ. Էտկար Թրապուլսի։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներ փոխանակելու ընդհանրապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու առնչուած հարցերու մասին։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւն…