Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՍԿՍԻ Մ.Ա. ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ՏՈՒՊԱՅ   Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանեց Տուպայ, ընդառաջելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանին եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին: Օդակայանին մէջ դիմաւորելու եկած էին Արաբական Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպանները, Կաթողիկոսական Փոխանորդն ու Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները: Օդակայանի պատուոյ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԸՆԹԵՐՑՈՒԵՑԱՒ ԷԼ-ԱԶՀԱՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

3-4 Սեպտեմբեր 2014-ին, Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ, տեղի ունեցաւ «Ահաբեկչութեան Եւ Ծայրայեղականութեան Դիմակայումը» վերնագրով խորհրդաժողով մը, կազմակերպութեամբ Սիւննի իսլամ համայնքին բարձրագոյն հեղինակութիւնը նկատուող Էլ-Ազհարի: Սոյն համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին 120 երկիրներէ աւելի քան 700 հոգեւորականներ: Ուշագրաւ էր քրիստոնէական եւ իսլամական զանազան համայնքներու մասնակցութիւնը, որ աննախադէպ երեւոյթ մըն էր Էլ-Ազհարի կազմակերպած խորհրդաժողովներուն համար:   Սոյն խորհրդաժողովին հրաւիրուած…