Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 10 Փետրուար 2019-ին առաւօտեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի հանդիսութիւններու եզրափակիչ ձեռնարկը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ ձեռնարկը կը հովանաւորէր միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը եւ կը նախագահէր Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը։
Սոյն ձեռնարկին Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը փոխանցեց եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը պարգեւատրեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին զանազան առիթներով իմ հայրական ջերմ սէրս եւ գնահատանքս արտայայտած եմ: Դարձեալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին իմ խոր գնահատանքս արտայայտեցի 100-ամեակին առիթով: Սա պահուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութեան առիթով, սփիւռքի հայութեան մայրաքաղաք` Պուրճ Համուտէն, իմ խօսքս կ՛ուղղեմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին, Պուրճ Համուտէն մինչեւ Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի՝ կարգ մը յիշեցումներ եւ ընդգծումներ կատարելով»:
Հայրապետը, անդրադառնալով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան եւ գործունէութեան, շեշտեց. «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ Ցեղասպանութենէն ետք ցիրուցան դարձած մեր ժողովուրդի վերակազմակերպման մասին: Սփիւռքի հայութեան վերակազմակերպման մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ունեցաւ իր առանցքային դերը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ հայ եկեղեցւոյ մասին, որովհետեւ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան հիմքը դարձած մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման մէջ Հ.Մ.Ը.Մ. բերաւ իր կարեւոր ներդրումը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ հայ դպրոցին մասին, որուն հայակերտման առաքելութեան մասնակից դարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը` ինք եւս դառնալով մարդակերտումի ու հայակերտումի նորահիմն դպրոց: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ ազգային պահանջատիրութեան մասին. մեր պահանջատիրական պայքարին Հ.Մ.Ը.Մ.-ը բերաւ իր գործուն, աշխուժ մասնակցութիւնը ի սփիւռս աշխարհի: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ Հայաստանի մասին, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը Հայաստանէն դուրս Հայաստանը ապրեցաւ ու Հայաստանը, մեր երազած ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանը ապրեցաւ ու ապրեցուց մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ վերջին 100 տարիներու հայոց պատմութեան մասին. Հ.Մ.Ը.Մ.-ը մեր ժողովուրդի կեանքի լուսանցքին վրայ չեղաւ երբե՛ք, այլ իր իւրայատուկ դերակատարութեամբ ներկայութիւն դարձաւ մեր կեանքի մայր էջին վրայ` ազգակերտումի իր առաքելութեամբ»:
«Այս բոլորը եղաւ, այս բոլորը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ը: Հետեւաբար, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ինծի համար քանակ չէ, մասնաճիւղ չէ, որակ է իր հարազատ էութեամբ, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի որակը իր ոգին է, իր նուիրումն է, իր յանձնառութիւնն է, իր յարատեւ պայքարը` ի խնդիր մեր ժողովուրդի գերագոյն ու ընդհանրական արժէքներուն եւ իտէալներուն»:
Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նաեւ խօսեցաւ միութեան նկատմամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտեցումին մասին, որ երբեք պարագայական կամ շահադիտական չեղաւ, այլ եղաւ սիրով լի, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մէջ ան տեսաւ այս բոլորէն վեր ու վեհ մեր ժողովուրդի գերագոյն արժէքներուն նկատմամբ ամուր հաւատարմութիւն, անկեղծ կապուածութիւն, ամբողջական ու գիտակից յանձնառութիւն:
Վեհափառը յարգանքով արտայայտուեցաւ այն բոլոր անձերուն մասին, այս աշխարհէն հեռացած եւ ապրող, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նուիրական ծառայական գանձանակին մէջ իրենց մտքէն, հոգիէն, ժամանակէն անջնջելի բան մը դրին, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.-ը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ միշտ մնայ նուիրական կազմակերպութիւն՝ իր սրբազան առաքելութեամբ:
Ապա լուսարձակի տակ առաւ յառաջիկայ փուլին միութենէն եղած ակնկալիքները. «100 տարիները պատմութեան կը պատկանին, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առջեւ կը բացուի նուիրումի, ծառայութեան, յանձնառութեան եւ հաւաքական պայքարի նոր շրջան մը, երբ այսօր ունինք ազատ, անկախ Հայաստան, այսօր ունինք ազատ, անկախ Արցախ: Հայաստանի հզօրացումը, Արցախի անկախութեան ամրապնդումը պէտք է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեանքին ու առաքելութեան օրակարգին վրայ մնան առաջնահերթ, միաժամանակ սփիւռքի հայութեան վերակազմակերպումը, սփիւռքի հայութեան վերակենսաւորումը դարձեալ պէտք է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծառայութեան օրակարգին վրայ մնան` իբրեւ առաջնահերթ մտահոգութիւն: Լիբանանի հայութիւնը սփիւռքի հայութեան սիրտը հանդիսացաւ, իր դերակատարութեամբ առանցքը հանդիսացաւ, իր բոլոր կառոյցներով, եւ ես կ’ուզեմ, որ սփիւռքի հայութեան վերականգնումը սկսի Լիբանանի հայութեան վերականգնումով: Այս ծիրին մէջ եւս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դերը ես կը նկատեմ կենսական», ըսաւ ան:
«Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր առջեւ ունի ծառայութեան նոր դաշտեր, պէտք է բացուի կեանքի ու ծառայութեան նոր հորիզոններու: Հետեւաբար, ես կ’ուզեմ ՀՄԸՄ-ի քայլերգին բառերը եւ նշանաբանը ուղենիշը դառնան ՀՄԸՄ-ին, ուր կ’ըսուի.
«Յառա՜ջ, նահատակ ցեղի անմահներ,
«Յառաջ անսասան,
«Յառա՜ջ անդեդեւ
«Դէպի յաղթանակ:
«Մեր ժողովուրդին երթը Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի ուրիշ նպատակ չի կրնար ունենալ, եթէ ոչ դէպի յաղթանակ:
«Եկէ՛ք, հետեւաբար, սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ականներ ի սփիւռս աշխարհի, այս գիտակցութեամբ մասնակի՛ց դարձէք մեր ժողովուրդի հաւաքական երթին` ի խնդիր մեր ժողովուրդի յաղթական ու պայծառ ապագային», եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետ:
Ապա Վեհափառ Հայրապետը Հ.Մ.Ը.Մ.-ը պարգեւատրեց հայ դպրոցի առաջին եւ մնայուն ուսուցիչ դարձած Մեսրոպ Մաշտոցի անունով մկրտուած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, զոր յանձնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին` հաստատելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եղաւ նաեւ հայ դպրոց, որովհետեւ սփիւռքի մէջ պայմաններու բերումով ուր որ դպրոց չունեցանք, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը դարձաւ դպրոց` տանելով մարդակերտումի, հայակերտումի եւ ազգակերտումի առաքելութիւն, նաեւ յուսալով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը վերանորոգ հաւատքով եւ նուիրումով շարունակէ իր հայակերտումի առաքելութիւնը:
Նշենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Հայկ Թապաքեան, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը՝ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան։