Անցնող օրերուն, Վեհափառ Հայրապետը անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Թռչնոց Բոյն, Թռչնոց Բոյնի բարերարներէն Տէր և Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն հետ: Վեհափառ Հայրապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ Թռչնոց Բոյն հաստատուած փոքրիկներու առօրեայ կեանքով եւ անոնց նկատմամբ որբանոցի պատասխանատուներուն ցուցաբերած հոգածութեամբ ու խնամքով: Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ հաստատեց, Թռչնոց Բոյնէն ներս կատարուող կազմակերպ ու հոգածու աշխատանքը:
Յայտնենք, որ այս տարի 42 փոքրիկներ պատսպարուած են Թռչնոց Բոյնի մէջ: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Թռչնոց Բոյնին զանազան ձեւերով օգտակար հանդիսացող բոլոր բարերարներուն, ըսելով որ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն օգտակար ըլլալը աստուածահաճոյ գործ է եւ Աստուած պիտի վարձատրէ բոլոր անոնց, որոնք աղքատին, կարիքաւորին, հիւանդին ու զրկեալին օգտակար կ՛ըլլան: