Հինգշաբթի 14 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Աւետարանական Համայնքի ներկայացուցիչներ Վեր. Հապիպ Պատր եւ Վեր. Դոկտ. Ժորժ Սապրա:
Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրել հրապարակային դասախօսութիւն մը տալու Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ, «Միջ–եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ:
Այցելութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ համայնքին եւ Աւետարանական համայնքին միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութեան ու սերտ գործակցութեան: Վեհափառ Հայրապետը իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց Դոկտ. Սապրային, որ միաժամանակ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանի Նախագահն է, յիշեալ համալսարանի ունեցած կարեւոր դերին, յատկապէս աստուածաբանական կազմաւորման ծիրէն ներս: Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը անցեալին ուսանած է նոյն համալսարանին մէջ, եւ մինչեւ այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններ հերթաբար դասընթացքներու կը հետեւին կրթական նոյն կառոյցէն ներս: