Այս օրերուն Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ տեղի կ’ունենայ ԵՀԽ–ի 10–րդ համաժողովը: Վեհափառ Հայրապետը յատուկ հրաւէր էր ստացած մասնակցելու սակայն չկրցաւ ներկայ գտնուիլ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 9 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ յիշեալ համաժողովին:
Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը համաժողովին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնէն ջերմօրէն կ’ողջունենք ձեզ, որպէս մասնակիցներ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ԵՀԽ–ի 10–րդ համաժողովին: Արդարեւ, յիշեալ համաժողովը կարեւոր հանգրուան մըն է արժեւորելու աւելի քան կէս դարու միջ–եկեղեցական աշխատանքը ու միաժամանակ ճշդելու յառաջիկայ աշխատանքին ուղեգիծը:
Մենք միշտ կը յիշենք ԵՀԽ–ի կեանքին ու վկայութեան բերած Մեր գործօն մասնակցութիւնը եւ կը հրաւիրենք ձեզ ձեր նպաստը բերելու ընդհանրապէս միջ–եկեղեցական շարժումին եւ յատկապէս ԵՀԽ–ին՝ վերանորոգ տեսիլքով եւ ամուր յանձնառութեամբ: ԵՀԽ–ի համաժողովին կայացումը Հարաւային Քորէայի մէջ կը յիշեցնէ Մեզի այն կարեւոր այցելութիւնը, զոր Մենք կատարեցինք որպէս Ատենապետ ԵՀԽ–ին 1999–ին եւ անձնապէս վկայեցինք ձեր դիմագրաւած դժուարութիւնները բաժանեալ Քորէայի մէջ, ինչպէս նաեւ ձեր ամուր հաւատքն ու յոյսը:
10րդ համաժողովի ընդհանուր թեման՝ «Կեանքի Աստուած, առաջնորդէ մեզ դէպի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն» իր խորունկ արձագանգը կը գտնէ Մեր մտածումներուն ու կեանքին մէջ երբ այս տողերը կը գրենք ձեզի Միջին Արեւելքէն, ուր քրիստոնեաներ քաջօրէն կը դիմագրաւեն անարդարութեան ու պատերազմի մարտահրաւէրները, որպէս հաւատարիմ վկաները Քրիստոսին՝ արդարութեան ու խաղաղութեան Իշխանի խօսքով քաջալերուած «Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ, որովհետեւ ձեր հայրը հաճեցաւ ձեզի տալ արքայութիւնը» (Ղուկ. 12, 32): Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ու իսլամներուն համար գոյակցութիւնը միշտ արտայայտուած է կեանքի գոյութենական երկխօսութեամբ, որուն նպատակը եղած է արդարութիւն եւ խաղաղութիւն:
Արդարեւ, կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է. ան միաժամանակ Աստուծոյ կողմէ տրուած կոչում մըն է մարդկութեան: Ներկայ աշխարհին մէջ կեանքը ամէն օր ենթակայ է քանդումի՝ հոգեւոր, ֆիզիքական, բարոյական ու կենսոլորտային իմաստով: Կեանքը քանդելը մեղք մըն է Աստուծոյ դէմ: Կեանքի պաշտպանութիւնը իր բոլոր տարածքներով ու արտայայտութիւններով եկեղեցւոյ առաքելութեան մաս կը կազմէ եւ երաշխիք է արդարութեան ու խաղաղութեան: Հետեւաբար, այս ուղղութեամբ գիտակցութիւն ու նախանձախնդրութիւն խորացնելը հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Կեանք, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն սերտօրէն առնչուած են իրարու: Ճշմարիտ կեանք կ’ենթադրէ արդարութիւն եւ կարելի չէ հաստատել իրաւ խաղաղութիւն առանց արդարութեան: Այս համապարփակ հասկացողութիւնը աստուածաշնչական ուսուցումներու սիրտը կը կազմէ:
2015–ին մենք պիտի յիշատակենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարեդարձը: Ցեղասպանութիւն մը, որ գործադրուեցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ եւ ցարդ Թուրքիան կ’ուրանայ զայն: Մենք առաջարկեցինք ԵՀԽ–ի Ընդհանուր Քարտուղարին, որ յատուկ կերպով նշուի այս կարեւոր դէպքը աղօթքի ու զօրակցութեան ճամբով ԵՀԽ–ի անդամ եկեղեցիներուն կողմէ:
ԵՀԽ–ի համաժողովը եզակի առիթ մըն է աղօթքի, տօնախմբութեան ու խորհրդածութեան: Արդարեւ, կեանքի պաշտպանութիւնը, արդարութեան հաստատումը եւ ի խնդիր խաղաղութեան աշխատանքը էքիւմէնիք շարժումի հիմնական նպատակը կը կազմէ ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան էութիւնը: Արդ, եկեղեցի ըլլալ եւ էքիւմէնիք յանձնառութիւն ունենալ կը նշանակէ գործել ի խնդիր կեանքի, արդարութեան եւ խաղաղութեան:
Այս մտածումներով ձեզի կը դառնանք աղօթակից ըսելով «Կեանքի Աստուած, առաջնորդէ մեզ դէպի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն»:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
4 Նոյեմբեր 2013
Անթիլիաս, Լիբանան
photo credit: ©Peter Williams/WCC