Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին հետ

Չորեքշաբթի 20 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Անդամ ԵՀԽ-ի Գործադիր Վարչութեան) եւ Տիկ. Թենի Սիմոնեան (Անդամ ԵՀԽ-ի Կեդրոնական Վարչութեան), ԵՀԽ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Օլաւ Ֆիքսէ Թուէյթի հետ հանդիպում մը ունեցան եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները եւ պատկերացումները փոխանցեցին, երբ ԵՀԽ-ը եօթնամեայ նոր հանգրուանի մը սեմին կը գտնուի։

 

Ապա, Հայ Եկեղեցի եւ ԵՀԽ գործակցութեան զանազան բնագաւառներ քննարկուեցան եւ յատուկ կերպով ընդգծուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարլիցին յիշատակման գծով ԵՀԽ-ի ստանձնելիք դերակատարութիւնը, անգամ մը եւս յիշեցնելով, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Ս. Աթոռը հաւաքական զոհն է 1915-ի Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի հետապնդման գծով միջազգային նախաձեռնութիւններու դիմած է։ Նաեւ, Միջին Արեւելքի եւ մանաւանդ Սուրիոյ իրավիճակին գծով եւս միտքերու փոխանակում կատարուեցաւ եւ համագործակցութեան ոլորտներ ճշդուեցան՝ շրջանէն ներս քրիստոնեաներուն ներկայութիւնն ու վկայութիւնը ամրացնելու համար։

 

Նարեկ Սրբազան եւ Թենի Սիմոնեան նաեւ աշխատանքային հանդիպումներ ունեցան ԵՀԽ-ի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ։