Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիկին մը՝ Տոքթ. Ակնէս Ապում Ափրիկէէն ընտրուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ատենապետ: Եկեղեցիներու Խորհուրդի բարձրագոյն պաշտօնը նկատուող ատենապետը միաժամանակ Գործադիր ու Կեդրոնական վարչութեանց ատենապետն է ու կը կազմէ գերագոյն հեղինակութիւնը Խորհուրդի բոլոր բաժանմունքներուն ու գործունէութեան: Նոյն այս պաշտօնին ընտրուած էր յաջորդական երկու շրջաններու համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Յայտնենք, որ Տոքթ. Ակնէս Ապում մօտէն ծանօթ է Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան:
Նաեւ յայտնենք, որ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նոր Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընտրուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Տիկին Թենի Փիրրի-Սիմոնեան: Նարեկ Սրբազան նաեւ ընտրուեցաւ Գործադիր վարչութեան անդամ: