Երկուշաբթի 11 Նոյեմբեր 2013-ի գիշեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի Վարչութիւնը։ Համալսարանաւարտներու Համախմբումը Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ կեանքի կոչուած էր շուրջ երեք տարիներ առաջ։ Այս հանգրուանին ան առաւելաբար բաղկացած է Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամներէն։ Համախմբումին նպատակն է հանգրուանային կերպով ընդարձակել անդամներու թիւը՝ ներառելով նաեւ բոլոր համալսարանաւարտներ՝ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ սփիւռքի այլ գաղութներէն ներս։
Համալսարանաւարտներուն Համախմբումի կեդրոնը Անթիլիասի Մայրավանքն է։ Ան ունի իր յատուկ աշխատանքի ուղեցոյցը։ Վարչութիւնը կը բաղկանայ տասնըմէկ անդամներէ։ Վարչութեան կողքին նաեւ կը գործեն Համախմբումի գործունէութեան զանազան բնագաւառներուն առնչուած յանձնախումբեր։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Վարչութեան աշխատանքը, կարեւորութեամբ ընդգծեց Հայ համալսարանականները ու համալսարանաւարտները մեր կառոյցներուն եւ արժէքներուն շուրջ համախմբելու կենսական անհրաժեշտութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ Վարչութեան պարզեց իր պատկերացումը անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն գծով, միշտ յիշեցնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը համախմբումի գործունէութեան։