Հարցազրոյց Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի հետ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ՝

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ

10-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

 

«Միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործօն մասնակցութիւնը Հայ ժողովուրդին եւ Հայ դատին մատուցուած մեծ ծառայութիւն է»

        ըսաւ Նարեկ Սրբազան

 

30 Հոկտեմբերէն 8 Նոյեմբեր 2013-ին, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովը։ Համաժողովի նախօրեակին յարմար նկատեցինք այս հարցազրոյցը ունենալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին հետ, որպէսզի մեր ընթերցողները աւելի լաւ գաղափար ունենան միջ-եկեղեցական շարժումին եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութեան մասին։

 

 

Ազդակ. Սրբազան Հայր, որպէս անդամ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան յաջորդ շաբաթ Հարաւային Քորիա պիտի մեկնիք, մասնակցելու համար Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովին։ Կը հաճէիք ամփոփ կերպով ըսել, թէ ի՞նչ է միջ-եկեղեցական շարժումը եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը։

 

Նարեկ Սրբազան. Ինչպէս գիտէք, աշխարհի վրայ զանազան եկեղեցիներ եւ եկեղեցական ընտանիքներ գոյութիւն ունին։ Մակերեսայնօրէն երբ նայինք այս իրողութեան կը տարուինք հակասութիւն մը տեսնել, երբ մանաւանդ անդրադառնանք, թէ Յիսուս մէ՛կ եկեղեցի հիմնեց եւ բոլոր եկեղեցիներն ալ իրենց գլուխը կը նկատեն նո՛յն եւ մէ՛կ Յիսուս Քրիստոսը։

 

Եկեղեցիները քրիստոնէութեան առաջին դարերէն իսկ պարզած են անխախտելի միութիւն մը, որ ինքզինք զանազանութեամբ արտայայտած է։ Եկեղեցւոյ միութիւնը կը նմանի Ս. Երրորդութեան՝ Հօր, Որդիին եւ Ս. Հոգիին միութեան։ Եկեղեցւոյ զանազանութիւնը եւս կը նմանի Ս. Երրորդութեան զանազանութեան, որ կ’արտայայտուի Արարիչ Հօրմով, Փրկիչ՝ Որդիով եւ Շնորհաբաշխ՝ Ս. Հոգիով։ Յիսուս գիտէր, թէ երբ իր առաքեալները Աստուծոյ բարի լուրը տանէին աշխարհին, զանազան ժողովուրդներ դարձի պիտի գային եւ միաժամանակ իրենց մշակութային եւ այլ մասնայատկութիւնները շաղախէին նոր կրօնին հետ։ Այս պատճառով ալ, Յիսուս Երուսաղէմի վերնատան մէջ աղօթեց եկեղեցւոյ միութեան համար (տե՛ս Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 17.1-26)։

 

Եկեղեցին որպէս Քրիստոսի խորհրդական մարմինը միշտ մէ՛կ է, ինչպէս Քրիստոս մէկ է։ «Հաւատամք»-ին մէջ կը դաւանինք. «Կը հաւատանք մէկ, ընդհանրական, առաքելական եւ սուրբ եկեղեցւոյ»։ Եկեղեցւոյ միութիւնը արտաքնապէս խախտած է։ Եկեղեցւոյ երեւելի միութիւնը վերականգնումի կարիք ունի եւ միջ-եկեղեցական շարժումին ու Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին գոյութեան պատճառը այդ իսկ է։ Եկեղեցիները քով-քովի բերել եւ աղօթքով, վկայութեամբ ու ծառայութեամբ զանոնք աշխարհին տանիլ որպէս մէ՛կ մարմին եւ մէ՛կ ներգործութիւն՝ ի փառս Աստուծոյ։

 

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, ինչպէս անուանումն իսկ կը թելադրէ, եկեղեցիները համախմբող աշխարհի ամէնէն համապարփակ կառոյցն է, որ 1948-ին հիմնուած է Ամսթերտամի մէջ եւ այսօր 345 անդամ եկեղեցիներ ունի 110 երկիրներու մէջ, որոնք շուրջ 500 միլիոն հաւատացեալներ կը ներկայացնեն։ 1962-էն ի վեր Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Ս. Էջմիածինի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեամբ, անդամ է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցի — Էջմիածինի Կաթողիկոսութիւն եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցի — Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն գրանցումով։ Այն միջ-եկեղեցական ժողովներուն որոնց մեր Եկեղեցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներով կը մասնակցի, համագործակցութիւն եւ յատկապէս դաւանաբանական հարցերու շուրջ կեցուածքներու ամբողջական համաձայնութիւն կը տիրէ:

 

Աւելցնեմ նաեւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հիմնադիրներէն մին է 1974-ին կազմուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին, որուն չորս նախագահներէն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։

 

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը կը ջանայ գործնականօրէն պատասխանել Յիսուսի եկեղեցւոյ համար կատարած երեւելի միութեան աղօթքին. «Կ’աղօթեմ որ անոնք բոլորն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս որ դուն, ո՜վ Հայր, իմ մէջս ես եւ ես քու մէջդ, այնպէս ալ անոնք մեր մէջ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ, որ դուն ղրկեցիր զիս» (Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 17.21)։

 

Եկեղեցւոյ երեւելի միութեան մարտահրաւէրը աշխարհի մէջ կը դիմակալուի։ Այս պատճառով ալ, երբ միջ-եկեղեցական շարժում եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ կ’ըսենք, միայն աստուածաբանական երկխօսութեամբ չենք սահմանափակուիր։ Միջ-եկեղեցական շարժումը կը զբաղի այն բոլոր հարցերով, որոնք մարդկութիւնը կը մտահոգեն բազմազան բնագաւառներու մէջ. ինչպէս օրինակ, արդարութեան եւ խաղաղութեան վերահաստատում, պատերազմներու աւարտ, մթնոլորտի ապականութեան բարձում, միջ-կրօնական համակեցութիւն, տնտեսական համակարգի սրբագրում, եւայլն։

 

 

Ազդակ. Այս ներածական ենթահողին վրայ կրնա՞ք մեզի ներկայացնել Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կառոյցը եւ գործունէութիւնը։

 

Նարեկ Սրբազան. Նախ հաստատում մը կատարեմ։ Ճիշդ է որ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ եզրը հաստատութենական եւ կազմակերպչական կառոյցի մը կ’ակնարկէ, սակայն միաժամանակ չի՛ դադրիր միջ-եկեղեցական շարժումի շարժո՛ւմ ըլլալու իրողութիւնը ընդգծելէ։ Ինչպէս ամէն կառոյց ունի իրեն յատուկ դրուածք մը, նոյն է պարագան Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, որուն կեդրոնատեղին Ժընեւի մէջ կը գտնուի, սակայն գործունէութիւնը ամբողջ աշխարհը կ’ընդգրկէ՝ իրեն անդամակցող եկեղեցիներուն ճամբով։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին բանալի դերակատարութիւնը քրիստոնէական ծառայութեան համադրումի ճիգ մըն է յանուն եկեղեցիներուն, այն դրութեան ընդմէջէն, որ զայն կառոյց մը ըլլալէ աւելի առաքելութեան կը վերածէ եւ եկեղեցիները երեւելի միութեան իրագործման կ’առաջնորդէ։

               

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը համաժողովն է։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը ցարդ ունեցած է իննը համաժողովներ (1948-ին՝ Ամսթերտամ-Հոլանտա, 1954-ին՝ Էվընսթըն-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, 1961-ին Նիւ Տելհի՝ Հնդկաստան, 1968-ին՝ Ուփսալա-Շուէտ, 1975-ին՝ Նայրոպի-Քենիա, 1983-ին՝ Վանգուվըր-Գանատա, 1991-ին՝ Գանպերա-Աւստրալիա, 1998-ին՝ Հարարէ-Զիմպապուէ եւ 2006-ին՝ Փօրթօ Ալեկրէ-Պրազիլ)։ Ինչպէս գիտէք, 10-րդ համաժողովը այս տարի պիտի գումարուի Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորիա։

 

Հոս անհրաժեշտ կը համարեմ յիշեցնել, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ 1991-էն 2006, երկու շրջան, վարեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ատենապետի պաշտօնը, որ ընտրեալ բարձրագոյն պաշտօնն է։ Վեհափառը հանդիսացաւ այս պատասխանատու պաշտօնը ստանձնող առաջին Ուղղափառ, Միջին Արեւելքէն եկած ու ամէնէն երիտասարդ Հայ հոգեւորականը, որուն աստուածաբանական եւ վարչական կարողականութիւնը ոչ միայն մնայուն դրոշմ թողուց միջ-եկեղեցական շարժումի պատմութեան վրայ, այլ նաեւ 1998-ի համաժողովի պատգամաւորները մղեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի պատմութեան մէջ աննախընթաց քայլ մը առնելով Նորին Սբութիւնը երկրորդ շրջանի համար ատենապետ վերընտրելու։

 

Համաժողովը 150 անդամներէ բաղկացած Կեդրոնական Վարչութիւն կ’ընտրէ, որ համաժողովէ համաժողով 18 ամիսը մէկ ժողով կը գումարէ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երկու անդամ ունի Կեդրոնական Վարչութեան մէջ՝ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Առաւել, համաժողովը մէկ ատենապետ, երկու փոխ-ատենապետ եւ ութը նախագահ կ’ընտրէ։

 

Իր հերթին, Կեդրոնական Վարչութիւնը 20 անդամներէ բաղկացած Գործադիր Վարչութիւն կ’ընտրէ, որ տարին երկու անգամ ժողով կը գումարէ եւ Կեդրոնական Վարչութեան որոշումները կը գործադրէ։ Ընդհանուր Քարտուղարը, որ պաշտօնեայ է եւ պաշտօնէութեան աշխատանքը ղեկավարողն է, ի պաշտօնէ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Գործադիր Վարչութեան քարտուղարութիւնը եւս կը վարէ։

 

 

Ազդակ. Հետաքրքրական պիտի ըլլար Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովի մասնայատկութիւնները իմանալ։

 

Նարեկ Սրբազան. Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը եօթը տարին անգամ մը կը գումարէ իր համաժողովը՝ հերթականօրէն տարբեր ցամաքամաս մը ժողովավայր ընտրելով։ Համաժողովը կը քննարկէ անցեալ եօթը տարիներու աշխատանքը եւ կը ծրագրաւորէ յաջորդ եօթը տարիներու գործունէութեան ընդհանուր ուղղութիւնը։ Ինչպէս նաեւ ղեկավար անձերու եւ մարմիններու ընտրութիւնը կը կատարէ։ Համաժողովը այն բացառիկ առիթն է, երբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, որպէս զանազան եկեղեցիները ներկայացնող մէկ մարմին, հարիւրաւոր պատգամաւորներով եւ հազարաւոր հիւրերով, աղօթքով եւ տօնախմբութեամբ, փառք կու տայ Աստուծոյ իրեն շնորհուած եօթը տարիներու ծառայութեան համար եւ եկեղեցիներու միջեւ եղող փոխադարձ հաշուետուութեամբ կը խոստանայ շարունակել իր նուիրական
առաքելութիւնը։

               

10-րդ համաժողովին Հարաւային Քորիա գումարումը պատահականութեան արդիւնք չէ։ Այսօր Ասիոյ ցամաքամասը քրիստոնէական վերազարթօնք կ’ապրի։ Քրիստոնէութիւնը թուական զգալի աճ կ’արձանագրէ Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Այս համաժողովը առիթ մը պիտի ըլլայ ասիական քրիստոնէութեան հետ ուղղակի շփումի մտնելու եւ հոն պարզուող առանձնայատկութիւնները եւս լուսարձակի տակ բերելու՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի աշխատանքին ընդհանուր ծիրին մէջ։

               

Համաժողովի թեման, «Կենսատո՜ւ Աստուած, մեզ արդարութեան եւ խաղաղութեան առաջնորդէ» ներշնչուած է Եսայիի մարգարէութենէն (42.1-4) եւ այնքա՜ն թելադրական է, երբ նկատի ունենանք ներկայ աշխարհին մէջ տեղի ունեցող տնտեսական, ընկերային եւ համամարդկային անարդարութիւնները եւ մնայուն ու ներքին խաղաղութեան տագնապը։ Համաժողովը հրաւէր մըն է աղօթելու եւ գործելու աստուածատուր արդարութեան եւ խաղաղութեան ամբողջ մարդկութեան կեանքին մէջ վերահաստատումին համար։ Այս հրաւէրը Հիւսիսային Քորիայի եւ Հարաւային Քորիայի միջեւ տակաւին յամեցող բաժանումի փորձաքարին զարնուելով պիտի բիւրեղանայ Պուսանի մէջ։

               

Համաժողովը պիտի ունենայ աշխատանքային զանազան ենթաբաժիններ. հաւաքական աղօթք, Աստուածաշունչի սերտողութիւն, լիակատար նիստեր, միջ-եկեղեցական այժմէական հարցեր ընդգրկող խմբական հանդիպումներ, շուրջ 200 ցուցահանդէսներ եւ սեմինարներ ու ընկերային հաւաքներ։

               

Համաժողովին պիտի մասնակցին եկեղեցիները ներկայացնող 825 պատգամաւորներ եւ շուրջ 2000 հրաւիրեալներ, դէտեր եւ թղթակիցներ։ Հայ Եկեղեցին համաժողովին պիտի մասնակցի իր երկու Հայրապետական Ս. Աթոռներու պատուիրակութիւններով։

 

 

Ազդակ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը քանի՞ պատգամաւորներով պիտի մասնակցի Պուսանի համաժողովին եւ ի՞նչ դերակատարութիւն պիտի ունենայ։

 

Նարեկ Սրբազան. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, մեր Ս. Աթոռին պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ իննը պատգամաւորներէ եւ երկու երիտասարդ մասնակիցներէ։ Նկատի ունենալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն աշխարհագրական տարածքը, մեր ներկայացուցիչները Անթիլիասէն եւ Հայ Սփիւռքի զանազան երկիրներէն պիտի գան։ Այսպէս.

 

Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Իրան (Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմին)։

               

Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Լիբանան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու)։

               

Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Նիւ Եորք (Վարիչ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու)։

               

Տիկ. Թենի Սիմոնեան, Զուիցերիա (Ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւրոպայի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու)։

 

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան, Լիբանան (Ատենապետուհի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի)։

               

Իրաւաբանուհի Վանա Կիտցինեան (Գալիֆորնիա), Անդամ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջազգային Հարցերու Յանձնախումբի)։

 

Տիկ. Իրմա Պալեան, Լիբանան (Անդամ Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Յանձնախումբի)։

               

Տիկ. Նազելի Գանտահարեան, Լիբանան (Անդամ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Վարչութեան)։

 

Օրդ. Քրիսթին Արզումանեան, Լիբանան (Անդամ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան)։

               

Օրդ. Կրէյս Օհանեան, Լիբանան (Անդամ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Վարչութեան)։

               

Օրդ. Ակաթա Աբրահամեան, Իրան (Անդամ Թեհրանի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդներու Միութեան)։

               

Մեր պատգամաւորներէն չորսը համաժողովի յանձնախումբերուն մէջ եւս պիտի ծառայեն. Սեպուհ Սրբազան՝ ընտրողական յանձնախումբ, Նարեկ Սրբազան՝ համադրող յանձնախումբ, Տիկ. Թենի Սիմոնեան՝ ծրագրաւորումի յանձնախումբ եւ Նորա Գապագեան՝ ընկերա-քաղաքական հարցերու յանձնախումբ։

               

Ահաւասիկ, ինչպէս կը տեսնէք, այս հոգեւորական, աշխարհական, այր, կին եւ երիտասարդ զանազանութեամբ ու գիտակից պատասխանատուութեամբ կ’երթանք համաժողովին, Հայ Եկեղեցւոյ ձայնը լսելի դարձնելու համար այս բազմերանգ եւ բազմաձայն հաւաքին մէջ։

               

 

Ազդակ. Ակնարկեցիք համաժողովի ընթացքին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն։ Բնականաբար Հայ Եկեղեցին եւս իր ներկայացուցիչները պիտի ունենայ ընտրուելիք մարմիններուն մէջ։

 

Նարեկ Սրբազան. Անպայման։ Երբ համաժողովներու գումարման վայրերու ընտրութեան մասին կը խօսէի, հերթականօրէն զանազան ցամաքամասեր ընտրելուն ակնարկեցի։ Հոս եւս, ընտրութիւններու պարագային հերթականութիւնը կը յարգուի։ Երբ 345 եկեղեցիներէ բաղկացած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը ներկայացնելու կը կոչուին համեմատականօրէն աւելի քիչ թիւով անձեր, բնականաբար եկեղեցական ընտանիքներու եւ զանազան աշխարհագրական շրջաններու ներկայացուցչական հերթականութիւնը կը յարգուի։

               

Ինչպէս նշեցի, 150 անդամներէ բաղկացած Կեդրոնական Յանձնախումբին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երկու աթոռ ունի։ Առաւել, հերթականութեան սկզբունքով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 20 անդամներէ բաղկացած Գործադիր Վարչութեան մէջ մէկ անդամ պիտի ունենայ։ Անունները կ’առաջարկուին տուեալ եկեղեցւոյ կողմէ, ընտրողական յանձնախումբին կողմէ կը քննուին եւ ապա ընտրութեան կը ներկայացուին։

 

Իսկ գալով ութը նախագահներուն, անոնք աշխարհագրական զանազան շրջաններ եւ եկեղեցական ընտանիքներ կը ներկայացնեն ու միայն պատուակալ ներկայութիւն են։ Նախագահներ համաժողովէ համաժողով կը ծառայեն, միայն եօթնամեայ մէկ շրջանի համար։ Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու ընտանիքը ունի նախագահական մէկ աթոռ եւ ցարդ նոյն ընտանիքէն Ղպտի, Ասորի, Հնդիկ եւ Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցիները նախագահ ունեցած են։ Հիմա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հերթն է եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կը մնայ առաջարկել անձ մը որ միջ-եկեղեցական շարժումին մասին ծանօթութիւն ունենայ։

 

 

Ազդակ. Միջ-եկեղեցական շարժումը ի՞նչ նպաստ կը բերէ Հայ ժողովուրդին։

 

Նարեկ Սրբազան. Այս հարցումին ամէնէն կարեւոր մասնիկը Հայ ժողովուրդն է։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր ծառայական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ դէպի Հայ ժողովուրդ գացող ակօս կը բանայ եւ ժողովրդանուէր յանձնառութեամբ կը գործէ։ Մեր Ս. Աթոռը ուղղահայեացօրէն Աստուծմէ կը ստանայ իր ծառայական կոչումը եւ հորիզոնականօրէն ժողովուրդին կը տանի զայն։ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու մարզը չի՛ կրնար այլ առաջնահերթութիւն ունենալ մեզի համար քան մեր ժողովուրդին գերագոյն շահը։

               

Կարճ բանաձեւում մը տալու ստիպողականութեամբ, կը փափաքիմ ընդգծել, թէ միջ-եկեղեցական շարժումը այն միջազգային եզակի թատերաբեմն է, ուր մեր պատմութիւնը, ինքնութիւնը, աստուածաբանութիւնը, հոգե-մտաւոր նուաճումներն ու ազգային պահանջատիրութիւնը ուշադիր ունկնդրութեան, գնահատութեան եւ զօրակցութեան կ’արժանանան։

               

Միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւններու ճամբով, մեր Ս. Աթոռը Հայ Եկեղեցին իր նեղ պարունակէն դուրս կը բերէ եւ մասնակից կը դարձնէ միջազգային ընկերութեան տագնապներուն, մարտահրաւէրներուն, յոյսերուն եւ գործունէութեան։

               

Այս բոլորին մղիչ ոյժն ու տիրական ներկայութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետն է, որ միջ-եկեղեցական շարժումի անխոնջ ղեկավարներէն է եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական անդաստանի բոլոր ներկայացուցիչները եւս այս մեծ պատասխանատուութեան իր գործակիցները դարձուցած է։ Յայտնեմ, որ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ հրաւէր ստացած է մասնակցելու Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովին, սակայն պիտի չկարենայ մասնակցիլ նկատի ունենալով իր բազմազբաղ վիճակը։

 

Կ’եզրափակեմ ըսելով, թէ միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործօն մասնակցութիւնը Հայ ժողովուրդին եւ Հայ դատին մատուցուած մեծ ծառայութիւն է, որուն պտուղները արդէն իսկ սկսած ենք քաղել։

 

 

Ազդակ. Շնորհակալութիւն Սրբազան Հայր եւ բարի ճանապարհ դէպի Պուսան ու յաջողութիւն համաժողովի աշխատանքներուն։