Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչները
Հինգշաբթի 14 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Աւետարանական Համայնքի ներկայացուցիչներ Վեր. Հապիպ Պատր եւ Վեր. Դոկտ. Ժորժ Սապրա: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրել հրապարակային դասախօսութիւն մը տալու Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ, «Միջ–եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ: Այցելութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ համայնքին եւ Աւետարանական համայնքին…