Երկրորդ տարին ըլլալով, Մեծի Տանն Կիիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական Հայագիտական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ Արեւմտահայերէննի Խտացեալ դասընթացք, որուն պիտի մասնակցին քսան աշակերտներ:
Դասընթացքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթ եւ պիտի տեւէ մինչեւ Մայիսի կէսը, շաբաթը երեք օր: Դասընթացքը պիտի ընդգրկէ հետեւեալ նիւթերը.– լեզուագիտական գիտելիքներ, քերականութիւն, ուղղագրութիւն, մատենագրութիւն, Հայ մամուլ, Հայ գրականութիւն, հայերէնի եւ գրականութեան դասաւանդման մեթոտաբանութիւն, Հայ երաժշտութիւն, թատրոն, պարարուեստ, ճարտարապետութիւն, մանրանկարչութիւն, կերպարուեստ, գորգագործութիւն, ձեռարուեստ եւ մանկական գրականութիւն: Վերոյիշեալ նիւթերը պիտի դասաւանդուին հետեւեալ անձերուն կողմէ.– Կարօ Յովհաննէսեան, Գեղանի Էթեէմէզեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ Մովսէս Հերկելեան: