Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. այցելեց Աուտէ Արքեպիսկոպոսին

Երեքշաբթի 12 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութի եւ շրջակայից Յոյն Ուղղափառ Առաջնորդ՝ Աուտէ Արքեպիսկոպոսին: Այցելութեան նպատակն էր Լիբանանի Հայոց նորընտիր Առաջնորդ Շահէ Սրբազանը ծանօթացնել Աուտէ Արքեպիսկոպոսին:

 

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած զրոյցը ներառեց հարցեր Լիբանանի ներքին կացութեան, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց առնչուած: Թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ Աուտէ Արքեպիսկոպոսը վերաշեշտեցին ընհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքութեան ու յատկապէս հայ եւ յոյն ուղղափառ համայնքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնն ու սերտ գործակցութիւնը: