Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համագումարին

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 10–րդ համաժողովը, եօթը տարին անգամ մը գումարուող, տեղի պիտի ունենայ Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորիա, Հոկտեմբեր 30–էն մինչեւ 10 Նոյեմբեր 2013:

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ իննը պատգամաւորներէ եւ երկու երիտասարդ մասնակիցներէ.–

 

Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Իրան (Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմին)

 

Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Լիբանան (Վարիչ Միջ–եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքին)

 

Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Միացեալ Նահանգներ (Վարիչ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու միջ–եկեեկական յարաբերութեանց)

 

Տիկին Թենի Սիմոնեան, Զուիցերիա (Ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւրոպայի միջ–եկեղեցական յարաբերութեանց)

 

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան–Գապագեան, Լիբանան (Ատենապետուհի  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ–եկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբին)

 

Իրաւաբանուհի Վանա Կիտցինեան, Միացեալ Նահանգներ, (անդամ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբին)

 

Տիկ. Իրմա Պալեան, Լիբանան (անդամ Կաթողիկոսարանի երիտասարդական յանձնախումբին)

 

Տիկ. Նազելի Գանտահարեան, Լիբանան (անդամ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Վարչութեան)

 

Օրդ. Քրիսթին Արզումանեան, Լիբանան (անդամ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Վարչութեան)

 

Օրդ. Կրէյս Օհանեան, Լիբանան (անդամ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Վարչութեան)

 

Օրդ. Ակաթա Աբրահամեան, Իրան (անդամ Թեհրանի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդներու Միութեան):

 

Մեր պատգամաւորներէն չորսը համաժողովի յանձնախումբերուն մէջ եւս պիտի ծառայեն: Սեպուհ Սրբազան՝ ընտրողական յանձնախումբ, Նարեկ Սրբազան՝ համադրող յանձնախումբ, Տիկ. Թենի Սիմոնեան՝ ծրագրումի յանձնախումբ եւ Դոկտ. Նորա Գապագեան՝ ընկերա–քաղաքական հարցերու յանձնախումբ:

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ հրաւէր ստացած էր մասնակցելու յիշեալ համաժողովին, սակայն բազմազբաղ ըլլալով պիտի չկարենայ իր մասնակցութիւնը բերել: Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետ 15 տարի 1991–2006) երկու շրջան վարած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր Վարչութեանց ատենապետութիւնը, որ Ե.Հ.Խորհուրդի բարձրագոյն պաշտօնն է: