Մանուկներու շրթներէն հնչող հայկական երգարուեստի մթնոլորտին մէջ, փոքրիկն Միսաք Ազատեան դարձաւ «Աստղ Երգիչ 3»

Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, երէկ` ուրբաթ, 2 օգոստոս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Աստղ երգիչ 3» մրցումի աւարտական ելոյթը:   Ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններու, արուեստագէտներու, ծնողներու եւ խուռներամ բազմութեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը ապրեցաւ բացառիկ երեկոյ մը:   Արամ Ա.…