Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատուեց Ասորիներու Զաքքա Պատրիարքը

Շաբաթ 16 Նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Քասլիքի «Րուհ ալ Քուտոս» Համալսարանի «Յովհաննէս Պօղոս Բ.»-ի հանդիսասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Համերգ մը, նուիրուած Ասորի Եկեղեցւոյ Պետ՝ Նորին Սրբութիւն Զաքքա Ա. Իուազ Պատրիարքի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ ոսկեայ յոբելեարի առիթով։ Համերգը ներկայացուց Պատրիարքարանի Սուրբ Եփրեմ Ասորի երգչախումբը։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատուիրակութեամբ պատուեց Զաքքա Պատրիարքը, անձամբ մասնակցելով սոյն համերգին։ Վեհափառ Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը։ Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ շնորհաւորութիւնը ներկայացուց Պատրիարքին։

 

Յայտնենք, որ Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներուն միջեւ հին դարերէն ի վեր սերտ կապեր եղած են։ Քոյր եկեղեցիներ են եւ մաս կը կազմեն Արեւելեան ոչ քաղկեդոնիկ ընտանիքին։