Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովի
Այս օրերուն Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ տեղի կ’ունենայ ԵՀԽ–ի 10–րդ համաժողովը: Վեհափառ Հայրապետը յատուկ հրաւէր էր ստացած մասնակցելու սակայն չկրցաւ ներկայ գտնուիլ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 9 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ յիշեալ համաժողովին: Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը համաժողովին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնէն ջերմօրէն կ’ողջունենք ձեզ, որպէս մասնակիցներ…