Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով բազմաբնոյթ ծրագիրներ կը մշակէ: Այդ ծրագիրներու շարքին կարեւոր տեղ կը գրաւէ Անթիլիասի Մայրավանքի Նահատակաց Յուշարձանի վերանորոգումը, Պիքֆայայի վանքի Վերածննդեան Յուշարձանի շրջապատի ընդլայնումը ու բարեզարդումը, Նահատակաց Խորանի շինութիւնը եւ Ճիպէյլի Թռչնոց Բոյնին մէջ Ցեղասպանութեան ու Որբերու Թանգարանի շինութիւնը:
Յիշեալ ծրագիրներու շինարարական աշխատանքները բնականոն կերպով կÿընթանան՝ անմիջական հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու հսկողութեամբ Կաթողիկոսարանի ճարտարապետական յանձնախումբին: Յիշեալ ծրագիրներուն շարքէն աւարտած է Նահատակաց Խորանի շինութիւնը, որուն բարերարն է Տէր եւ Տիկին Արթիւր եւ Թամար Նազարեան, իսկ մնացեալ ծրագիրները ընթացքի մէջ են: Անոնց բարերարն է Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան եւ իրենց զաւակները Արամ եւ Զարեհ:
Մի քանի օրեր առաջ Վեհափառ Հայրապետը Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն եւ ճարտարապետներուն ընկերակցութեամբ այցելեց երեք ծրագիրներուն եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ կատարուող աշխատանքներուն: