Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պատուիրակութիւնը կը շարունակուի գործօն մասնակցութիւն բերել Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովին

Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2013, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10–րդ համաժողովը վերսկսաւ իր աշխատանքներուն, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատգամաւորները լիակատար նիստերու, խմբակներու, յանձնախումբերու եւ զանազան քննարկումներու մէջ շարունակեցին իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերել։

 

Առաւել, Ուրբաթ, 1 Նոյեմբեր, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Տիկին Թենի Սիմոնեան Հունգարիոյ Բարեկարգեալ Եկեղեցւոյ Նախագահ Կուսթաւ Պոլշգէյ Եպիսկոպոսին հետ հանդիպում մը ունեցան ու Հայ Եկեղեցւոյ եւ Բարեկարգեալ Եկեղեցւոյ փոխ-յարաբերութիւններուն եւ միջ-եկեղեցական գործակցութեան կապուած կարեւոր հարցեր քննարկեցին։

 

Նոյն օրը, Նարեկ Սրբազան եւ Անուշաւան Սրբազան Հռոմէական Կաթոլիկ եւ Անկլիգան Եկեղեցիներու պատուիրակութիւններու միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուներուն՝ Պրայըն Ֆարել Եպիսկոպոսի եւ Դոկտ. Ալիսըն Պարնէթի հետ հանդիպեցան եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու անոնց Եկեղեցիներուն հետ ունեցած աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութիւններուն առնչուած կէտեր քննարկեցին։ Իսկ Սեպուհ Սրբազան հանդիպումներ ունեցաւ Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն եկած ու իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութիւններու պատասխանատուութիւնը կրող հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու հետ։

 

Շաբաթ եւ Կիրակի, 2 եւ 3 Նոյեմբեր, մեր պատգամաւորները մասնակցեցան Հարաւային Քորիայի եւ Հիւսիսային Քորիայի բաժանման սահմանագիծէն անցնող շոգեկառքի «խաղաղութեան ուխտագնացութեան» եւ ապա Սէուլի զանազան եկեղեցիներուն մէջ կատարուած կիրակնօրեայ աղօթքներուն ներկայ գտնուելով իրենց քրիստոնէական ողջոյնի խօսքերը ուղղեցին։

 

Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբեր, Տիկին Թենի Սիմոնեան եւ Տիկին Իրմա Պալեան «Բազմակրօնութիւնը Եւրոպայի մէջ» թեմայով դասախօսութիւն մը տուին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութիւնը վայելող եւրոպացի քրիստոնեայ եւ այլ կրօններու պատկանող կանանց միջ-կրօնական դաստիարակութեան ու համակեցութեան ծրագիրը ներկայացնելով։

 

Նոյն օրը, քրիստոնեայ երիտասարդներու հաւաքի ընթացքին, Տիկին Նազելի Գանտահարեան եւ Օրդ. Ակաթա Աբրահամեան դասախօսեցին Անթիլիասի Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան եւ Թեհրանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի գործունէութիւններուն մասին, Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդական եւ կրօնական դաստիարակութեան բնագաւառները լուսարձակի տակ բերելով։ Իսկ Օրդ. Քրիսթին Արզումանեան կենսոլորտի մաքուր պահպանման կլոր սեղանի զրոյցի մը մասնակցեցաւ։

 

Նոյն իրիկունը, Նարեկ Սրբազան, Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համախմբումի Ատենապետի հանգամանքով, ներկայ գտնուեցաւ Քարտուղարներու Համախմբումի ընթրիքին, որուն ընթացքին ներկաներուն փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ողջոյնները եւ յաջորդ ժողովը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարելու հրաւէրը։

 

Վերոյիշեալ հանդիպումներուն եւ այլապէս համաժողովի մասնակիցները յատուկ գնահատանքով յիշեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ստանձնած 15 տարիներու գերագոյն պատասխանատուութիւնը որպէս Ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ անոր շարունակուող զօրակցութիւնը Խորհուրդի աշխատանքներուն: