Մանուկներու շրթներէն հնչող հայկական երգարուեստի մթնոլորտին մէջ, փոքրիկն Միսաք Ազատեան դարձաւ «Աստղ Երգիչ 3»

Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, երէկ` ուրբաթ, 2 օգոստոս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Աստղ երգիչ 3» մրցումի աւարտական ելոյթը:

 

Ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններու, արուեստագէտներու, ծնողներու եւ խուռներամ բազմութեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը ապրեցաւ բացառիկ երեկոյ մը:

 

Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2011-ին «Հայ մանուկի տարի» հռչակման զուգահեռ ընթացք առած կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտութեան մանկական երգարուեստի այս մրցանքի ելոյթները երէկ յանգեցան 2013-ի աւարտական փուլին:

 

Դատական կազմին` երգչուհի Շողիկ Թորոսեանի, Համազգայինի արուեստագէտներու փաղանգէն Յասմիկ Գասպարեանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի պարուսոյց Անի Կոստանեանի եւ երաժշտագէտ-երգեհոնահար Սեդօ Պաղտասարեանի հսկողութեամբ կայացած յաջորդական ելոյթներու աւարտական փուլին հասած էին վեց մասնակիցներ: Իրերայաջորդ մրցանքներու ելոյթներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին` Մարիա Աբէլեան, Միսաք Ազատեան, Մարկրիթա Գոճամանեան, Կասիա Հաճեքեան, Դրօ Միրզայեան, Վիգէն Յարութիւնեան, Սարին Փիլաւճեան, Մեղրի Տեմիրճեան, Ժորժեթ Թեփիրճեան եւ Մինաս Ադամեան: Անոնցմէ աւարտական մրցանքի փուլին հասած էին` Ժորժեթ Թեփիրճեան, Միսաք Ազատեան, Մարկրիթա Գոճամանեան, Վիգէն Յարութիւնեան, Կասիա Հաճեքեան եւ Մինաս Ադամեան:

 

Ձեռնարկին ընդհանուր պատասխանատու Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեանի, տնօրէն Թամար Նազարեանի հետեւողական աչալուրջ հսկողութեամբ աւարտական փուլի հասած մրցանքին հանդիսավարներն էին Սիմոն Աշգեան եւ Վանան Մանճիկեան:

 

Աւելի քան երկու ժամ տեւած այս մրցանք-ելոյթին ներկաները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան ու քաջալերեցին աւարտական մրցակից փոքրիկ «արուեստագէտներ»-ու ելոյթները: Մէջ ընդ մէջ դատական կազմի կարծիքներով գնահատուող ելոյթները յաւելեալ ջերմ մթնոլորտ ստացան` աւարտական մրցակիցներու կողքին ընդհանուր մրցանքին մասնակցած կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներու եւ Լեռնալիբանանի պարախումբերու առաջին մրցանակին տիրացած` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի պարախումբի հայկական, արաբական թէ օտար երգերու պարերգներով:

 

Ձեռնարկին մշակութային որակ ու երանգ տուին նաեւ սուրիահայ երգիչ Սագօ Թաշճեան եւ երիտասարդ երգչուհի Ալիս Իբրաճեան:

 

Այս առիթով ներկայացուեցաւ «Աստղ երգիչ»-ի եռամեայ գործունէութեան ու նպատակներուն մասին վաւերագրական ամփոփ տեսերիզ մը:

 

Նմանապէս կարդացուեցաւ Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեանի յատուկ այս առիթով գրուած խօսքը: Մրցակիցներու ելոյթի աւարտին, ներկայ հանդիսատեսները իրենց տոմսերուն կից նշուած համապատասխան տեղը քուէարկեցին իրենց նախընտրած մրցակիցին թիւը: Ապա դատական կազմին գնահատումով ու նկատի ունենալով բարձրագոյն նիշ հաւաքած մրցակիցներու տուեալները` յայտարարուեցան արդիւնքները:

 

Յաջորդաբար բարձրագոյն նիշ ապահովեցին`

 

-Կասիա Հաճեքեան` առաջին բարձրագոյն նիշ հաւաքող,
-Վիգէն Յարութիւնեան` երկրորդ,
-Իսկ Միսաք Ազատեան` երրորդ:

 

Իսկ 2013 տարուան «Աստղ երգիչ 3» ընտրուեցաւ Միսաք Ազատեան:

 

Նախքան այդ վրդ. Բենդեզեան դատական կազմին եւ հանդիսավարներուն հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ յատուկ գնահատագիր նուիրեց բոլոր մասնակիցներուն: Նաեւ նուիրուեցան փոքր արձանիկներ, ցարդ կայացած ելոյթներու նկարներու հաւաքածոյ` պատրաստութեամբ «Ֆոթօ Ալեքս»-ի եւ գեղեցիկ վարդեր:

 

Յիշատակի նուէրներ ստացան նաեւ դատական կազմի անդամներն ու հանդիսավարները:

 

Նշենք նաեւ, որ ձեռնարկը ուղղակիօրէն սփռուեցաւ «Ռատիօ Եանկ»-ի կողմէ: (www.radioyoung.net):