ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՆ «ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ» ՇԱՐՔԻՆ Թ., Ժ. ԵՒ ԺԱ. ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակութեամբ լոյս տեսան «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին Թ., Ժ. եւ ԺԱ. հատորները՝ «Ապաշխարութեան Օրհնութիւններ Եւ Ապաշխարութեան Հարցեր Իրենց Սարքերով», «Ալէլուքներ Եւ Թագաւոր Յաւիտեաններ» եւ «Կանոն Հանգստեան, Հանգստեան Հարցեր Իրենց Սարքերով Եւ Խաչի Մանկունքներ» յաջորդաբար։ Հատորներուն խմբագրութիւնը կատարած է Գերշ. Տ. Օշական Արք.…