2009։ Երիտասարդութեան Տարի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն,   Նոր բացուող տարուան սեմին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն կ’ողջունենք ձեզ՝ Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով:   Ինչպէս գիտէք, վերջին վեց տարիներուն Մեր որդեգրած աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարին կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները լուսարձակի տակ բերելու մեր հաւաքական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, 2-5 Դեկտեմբեր 2008

Քրիստոնէական ջերմ սիրով, ազգային վառ ապրումներով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք ձեր ներկայութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս:   Հայրապետական դարաւոր այս Սուրբ Աթոռը կոչուած է ՙՄեծի Տանն՚: Տո՜ւն է այս Աթոռը, ոչ սոսկ սովորական վարչական կեդրոն: Ան ազգի՜ն տունն է, ուր մեր ժողովուրդի բոլո՜ր զաւակները իրենք զիրենք պէտք է զգան իրենց սեփական  տան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հարցազրոյցը ՀԱՍԿ-ի խմբագրութեան հետ

ՙԿԱՌՉԱԾ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ՝ ՄԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱ՜Ն՚   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Ներկայ հարցազրոյցը ՀԱՍԿի   խմբագրութիւնը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ, ՀԱՍԿի Օգոստոս-Սեպտեմբեր թիւին   համար: Հարցազրոյցին ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն կ’անդրադառնայ վերջին   շաբաթներու ընթացքին Պիքֆայայի Վանքին մէջ տեղի ունեցած Կրթական ու   Երիտասարդական համագումարներուն: Նաեւ Վեհափառ Հայրապետը կը խօսի ՙհոգեւոր   շարժումներու՚ մասին՝ իր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամը ուղղուած Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. 16 Օգոստոս, 2008:

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. 16 Օգոստոս, 2008:   Ահա դարձեալ հաւաքուած ենք որպէս ուխտաւորներ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով մեր քրիստոնէական հաւատքը վերանորոգելու: …

Հայրապետական Գիր Օրհնութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գրողներու Համահայկական Դ. Համագումարին, Երեւան, 6-14 Յուլիս 2008

6-14 Յուլիս 2008, Երեւանի մէջ կը կայանայ Գրողներու Համահայկական Դ. Համագումարը: Այս առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեան Գիր յղեց համագումարի մասնակիցներուն: Ստորեւ՝ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը ամբողջութեամբ.-   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Գրողներու Համահայկական Դ. Համագումարը:   Մեր յիշողութեան  մէջ տակաւին թարմ է ձեր հանդիպումը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, 6-9…

Գիր Հայրապետական Օրհնութեան Ս. Թադէի վանքի 54-րդ ուխտագնացութեան առթիւ յԱտրպատական, Պարստկաստան

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ, սիրելի՜ ուխտաւորներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն:   Ահա դարձեալ եկած էք Սուրբ Թադէ, որպէս ուխտաւորներ ձեր քրիստոնէական հաւատքը ամրապնդելու ու ձեր կեանքը քրիստոնէական արժէքներով ու ճշմարտութիւններով շաղախելու: Ուխտագնացութիւնը ընդհանրապէս քրիստոնէական կեանքին մէջ ու յատկապէս մեր եկեղեցեւոյ կեանքին մէջ իւրայատուկ կարեւորութիւն մը ունի: Ան ոչ միայն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը Միւռոնօրհնէքի առիթով

ԴԷՊԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ՕԾՈՒՆ ՄԻՒՌՈՆԱԲՈՅՐ ԿԵԱՆՔ            ՙՏէր Աստուած, եղիցի Միւռոնս այս՝ պահապան կենաց, ճառագայթ հոգւոց, լուսաւորութիւն մտաց, ձեռնադրիչ նուիրելոց, զէն հաւատոյ, փարատիչ ցաւոց…՚:   Հայ հոգիի ակունքներէն ժայթքած ու հաւատքի կրակով թրծուած բառե¯ր, որոնք դարեր շարունակ երկինք բարձրացան հայ եկեղեցւոյ աղօթքի մրմունջներով ու խունկի ծուէններով: Քիչ առաջ, նոյն այս բառերը, վերանորոգ հաւատքով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

ՙԱՄՈՒ՜Ր ՊԱՀԵՑԷՔ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ՚   Բեթղեհէմի մէջ մարդեղացած Աստուծոյ Որդւոյն պատգամը իր էութեամբ  ու իւրայատկութեամբ ճշմարտօրէն ըմբռնած եւ անոր տարածման ռահվիրան դարձած Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ՝ ՙԱմո՜ւր պահեցէք այդ ազատութիւնը, եւ վերստին ստրկութեան լուծին տակ մի մտնէք՚ (Գաղ. 5: 4):   Արդարեւ, յաճախ տարբեր անուններով, բնորոշումներով կամ պատկերներով, այսպէս՝ փրկութիւն, վերստին ծնունդ, երկրորդ արարչութիւն, Աւետարանի էջերուն վրայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ՏԷՐԸ ԿՈՒ ԳԱՅ, ՃԱՄԲԱ՜Ն ՊԱՏՐԱՍՏԵՑԷՔ   Աստուծոյ կողմէ որպէս դրախտ ստեղծուած այս աշխարհը, մարդու մեղքին պատճառաւ դարձած էր դժոխք: Աստուածային բարիքները վայելելու շնորհքին արժանացած մարդը, իր ազատ կամքով ընտրած էր չարի՜ն իշխանութիւնը:   Արդ, երկրի մոլոր ճամբաներուն վրայ կորսուած մարդը պէտք ունէր զինք դէպի երկինք առաջնորդող ճամբուն: Երկրի խաւարին մէջ մնացած մարդը հրամայական կարիքը ունէր…

2008։ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Տարի

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ     ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ   2 0 0 8       Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ     ԱՆԹԻԼԻԱՍ     ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ    Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամը խօսուած Հայ Գիրքի 29-րդ Ցուցահանդէսի բացման, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Կիրակի, 18 Նոյեմբեր, 2007-ին

ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆԻԼ ԿԵԱՆՔԻ՜Ն   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, խօսուած Հայ Գիրքի 29-րդ Ցուցահանդէսի բացման, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Կիրակի, 18 Նոյեմբեր, 2007-ին:       Ահա 29-րդ տարին ըլլալով կը հաւաքուինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն ներս՝ Հայ Գիրքին շուրջ … :   Պատահական երեւոյթ մը չէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը զոր տուաւ Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, Հայկական Ցեղասպանութեան 92-րդ ոգեկոչման առթիւ

ԼՍԵՑԷ՛Ք, Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՆ ՄԵԶԻ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամին, զոր տուաւ Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, Հայկական Ցեղասպանութեան 92-րդ ոգեկոչման առթիւ, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք՝ Ապրիլեան Նահատակներու Մատրան առջեւ հոծ բազմութեան ներկայութեան:   Դա՛րձեալ կը գտնուինք Ապրիլ 24-ի խորհուրդին մէջ ու հաղորդակից կը դառնանք մեր նահատակներու հաւատքին ու կտակին:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԻՇՏ ՄԵԶԻ ՀԵՏ   Քրիստոսի աշակերտներ տակաւին չէին համոզուած թէ՝ խաչուած ու թաղուած Յիսուսը յարութիւն էր առած մեռելներէն: Անորոշութեան ու յուսահատութեան մատնուած աշակերտներուն յայտնուելով յարուցեալ Քրիստոս կ’ըսէ՝ «ես եմ, մի՛ վախնաք» (Ղկ 24. 36), վստահեցնելով միաժամանակ թէ՝ «միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մտ 28. 20):   Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ձեզի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական պատգամը արտասանուած Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կաթողիկոսարանիս «Ուխտի Օր»ուան առիթով

 ԴԷՊԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական պատգամին, արտասանուած Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կաթողիկոսարանիս «Ուխտի Օր»ուան առիթով, Կիրակի, 25 Մարտ, 2007-ին։   Լուսաւորիչ Սուրբ Հայրապետ… զազգս հայոց նորոգ հոգեւոր ծննդեամբ ի լոյս աստուածգիտութեան ածէր…” (Ժամագիրք)։   Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ծէսէն պոկուած այս փունջ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ԲԵԹՂԵՀԷՄ՝ ՍԿԻԶԲԸ ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ   Նորադարձ քրիստոնեաներու կեանքին նոր որակ ու ուղղութիւն տալու անհրաժեշտութեան մասին խօսելով,  Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ՝ «Մոռցէք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով …» (Կղ 3. 10)։ Այլ խօսքով, Առաքեալը Քրիստոսի եկեղեցւոյ անդամներուն կը յիշեցնէ թէ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ՝ նոր մարդ դառնալ…

2007։ Հայ Լեզուի Տարի

ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՏԱՐԻ   Հայրապետական յատուկ Գիրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 2007 տարին հռչակեց ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՏԱՐԻ։ Վեհափառ Հայրապետին սոյն Օրհնութեան Գիրը յատուկ հանդիսաւորութեամբ ընթերցուեցաւ բոլոր թեմերէն ներս, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի։ Ստորեւ՝ Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, Եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը, զոր տուաւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 12 Նոյեմբերին, 2006, «Լինսի Հիմնարկ»ին հայկական վարժարաններուն կատարած օժանդակութիւններուն, Հայ Գիրքի 28-րդ Ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ Մայրավանքէն ներս կայանալիք միջ-կրօնական համագումարին առթիւ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, զոր տուաւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 12 Նոյեմբերին, 2006, «Լինսի Հիմնարկ»ին հայկական վարժարաններուն կատարած օժանդակութիւններուն, Հայ Գիրքի 28-րդ Ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ Մայրավանքէն ներս կայանալիք միջ—կրօնական համագումարին առթիւ։   Աստուծոյ Որդին ինքզինք աշխարհին ներկայացուց որպէս…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը, խօսուած Հայաստան-Սփիւռք Գ. Խորհրդաժողովին

Ի ԽՆԴԻՐ ԱԶԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը, խօսուած Հայաստան—Սփիւռք Գ. Խորհրդաժողովին, Երեւան, 18-20 Սեպտեմբեր, 2006։   Մէ՛կ ազգի ու մէ՛կ հայրենիքի պատկանելիութեան անխախտ ու անխախտելի հաւատքով եւ խոր գիտակցութեամբ դա՛րձեալ հաւաքուած ենք։ Սովորական խորհրդաժողով մը չէ ու պէտք չէ դառնայ Հայաստան-Սփիւռք Գ. Խորհրդաժողովը իր խորքով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Ողջոյնի խօսքը Համահայկական Կրթական Բ. Խորհրդաժողովին, Երեւան 18-20 Օգոստոս 2006

Օգոստոս 18-20 Երեւանի տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթական Նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Համահայկական Խորհրդաժողով մը հայեցի դաստիարակութեան նուիրուած։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն Խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական սոյն պատգամը կարդաց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան։ Ստորեւ՝ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը, զոր ուղղեց ուխտաւոր հաւատացեալներուն Պիքֆայայի մէջ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի «Ուխտի Օր»ուան առթիւ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2006

ՀԱՒԱՏՔ՝ ԱՂԲԻՒՐ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, զոր ուղղեց ուխտաւոր հաւատացեալներուն Պիքֆայայի մէջ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի «Ուխտի Օր»ուան առթիւ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին,  Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2006։   Դարձեալ ուխտի եկած ենք Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով Աստուածամօր անունը կրող Պիքֆայայի…

Հայրապետագան Գիր Օրհնութեան ՙՄէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ՚ Համահայկական Մշակութային Բ. Փառատօնին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք «Մէկ ազգ, Մէկ մշակոյթ» կարգախօսով տեղի ունեցող համահայկական մշակութային այս երկրորդ փառատօնը։ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք յղացան, ծրագրեցին ու կեանքի վերածեցին մշակութային այս փառատօնը։ Մեր ջերմ գնահատանքը կը յայտնենք նաեւ բոլոր անոնց, հայրենիքէն, Ղարաբաղէն թէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը, զոր տուաւ 24 Ապրիլ 2006-ի առաւօտուն,

ԱՊՐԻԼ 24՝ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամին, զոր տուաւ Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք՝ Ապրիլեան Նահատակներու Մատրան առջեւ հոծ բազմութեան ներկայութեան։ Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն ետք սկսաւ ժողովրդային քայլարշաւը՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը։   Ապրիլ 24 է դարձեալ. նահատակներու օր. ազգային պահանջատիրութեան օր.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

ԱՄՈ՛ՒՐ ՊԱՀԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ   «Ամո՛ւր պահենք մեր դաւանած հաւատքը» (Եբր. 4. 14)։ Բոլո՛ր ժամանակներու Քրիստոսի հետեւորդներուն ուղղուած պատգամ մըն է սա։ Առաքեալին այս պարզ բայց խորիմաստ պատգամին մէջ անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ բերել երեք հիմնական մտածումներ.- առաջին, հաւատքին ինչութիւնը ու կարեւորութիւնը. երկրորդ, մեր դաւանած հաւատքին իւրայատուկ ինքնութիւնը. եւ երրորդ, հաւատքը ամուր պահելու հրամայականը։  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը ուղղուած Գրողներու Համահայկական Գ. Համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, 6-էն 9 Ապրիլ 2006-ին

ՀԱՅ ԳՐՈՂԸ՝ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՋԱՀԱԿԻՐ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին ուղղուած Գրողներու Համահայկական Գ. Համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, 6-էն 9 Ապրիլ 2006-ին։   Գրողներու Համահայկական Երրորդ Համագումարի բացման սա հանդիսաւոր պահուն, Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունեմ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Ռոպէր Քոչարեանը։ Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունեմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի քարոզի երկրորդ բաժնը՝ արտասանուած Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, Միջինքի առիթով, Պէյրութ, 22 Մարտ 2006-ին

«ՄԵՂԱ՜Յ ԱՍՏՈՒԾՈՅ»   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի քարոզի երկրորդ բաժնին՝ արտասանուած Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, Միջինքի առիթով, Պէյրութ, 22 Մարտ,  2006-ին։ Իր հայրապետկան պատգամին առաջին բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան կեանքին հետ աղերս ունեցող կարգ մը երեւոյթներուն, եւ կարեւորութեամբ շեշտեց գաղութի կեանքին նոր կենսունակութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը յատկապէս կրթական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը, որ տուաւ մեր ժողովուրդին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի 22 Յունուար 2006-ին, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի գումարման առթիւ

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, որ տուաւ մեր ժողովուրդին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի 22 Յունուար 2006-ին, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի գումարման առթիւ։   Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ժողովուրդին ներկայացաւ առաքելութիւն մը կատարելու յանձնառութեամբ, երբ Նազարէթ գիւղի սինակոկին մէջ կարդաց Եսայի Մարգարէին հետեւեալ…

2006։ Հայ Դպրոցի Տարի

Հայրապետական յատուկ Գիրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 2006 տարին հռչակեց ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՏԱՐԻ։ Պատգամը՝ ստորեւ։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, Եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն,   Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն, եւ ձեզի կը մաղթենք հոգեւոր, մշակութային ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄԱՆՈՒԿԸ ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԱԶԱՏԱԳՐԻՉԸ   Դարձեալ մեր հաւատքի աչքերը ուղղուած են Բեթղեհէմի մէջ ծնած Յիսուս Մանուկին։   Անոր, որ աշխարհ եկած էր՝ աղքատներուն, յուսաբեկներուն, տառապեալներուն, հիւանդներուն, հալածուածներուն փրկութեան աւետիսը տալու։   Անոր, որ ծնունդէն մինչեւ գերեզման, Բեթղեհէմէն մինչեւ Գողգոթա հալածուեցաւ ու չարչարուեցաւ։   Անոր, որ եղաւ, կը մնայ ու պիտի մնայ մեծագոյն ազատագրիչը…

Հայրապետական Կոնդակ Գիրերու Գիւտին 1600-ամեակին առիթով

ԱՐԱՄ ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ ԿԱՄՕՔՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԻՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ   ՇՆՈՐՀՔ, ՍԷՐ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ Ի ՏԵԱՌՆԷ ԵՒ ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ի ՄԷՆՋ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՋՈՅ ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ   ԹԵՄԱԿԱԼ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՑ, ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԵՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ,  ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՈՅ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ, ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ,…

Հայրապետական Կոնդակ Հայկական Ցեղասպանութեան 90-ամեակին առիթով

ԱՐԱՄ ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ ԿԱՄՕՔՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԻՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ   ՇՆՈՐՀՔ, ՍԷՐ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ Ի ՏԵԱՌՆԷ ԵՒ ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ի ՄԷՆՋ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՋՈՅ ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ   ԹԵՄԱԿԱԼ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՑ, ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԵՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ,  ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՈՅ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ, ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ,…