ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ

Մեծ պահոց քառասնօրեակին կը նախորդէ Բուն Բարեկենդանի Կիրակին, որ Անթիլիասի Մայրավանքին Կիրակնօրեայ վարժարանը զայն կը նշէ փոքրիկներուն զանազան կերպարներու ծպտումով։ Այս առիթով, 11 Փետրուար 2018-ին, Ս. Եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Մայրավանքին Կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները Վեհարանի դահլիճին մէջ։ 

 

Փոքրիկներով շրջապատուած Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ վարժարանին՝ անոր ջամբած քրիստոնէական դաստիարակութեան ու հայկական կրթութեան գծով։ Հայրապետը նաեւ գնահատեց փոքրիկներուն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները յանձնելով եկեղեցւոյ՝ կ՚ապահովեն նոր սերունդին գոյատեւումը քրիստոնէական ու հայու ինքնութեամբ։

 

Աւարտին, որպէս շնորհակալութիւն, փոքրիկները Վեհափառ Հայրապետին նուիրեցին խորհրդանշական վարդ մը ու ներկայացուցին փունջ մը շարականներ։