«ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԼԵՑՈՒՆ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ ԴՊՐՈՑՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութենէն քառասուն օր ետք Հայ Եկեղեցին կը նշէ Տիրոջ տաճար ընծայման տօնը՝ Տեառնընդառաջը, որուն նախատօնակը կը նշուի Փետրուար 13-ին։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գիրգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ եւ հանդիսաւոր Անդաստան՝ հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հանդիսաւոր Անդաստանէն եւ աւանդութիւն…