12 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Պէյրութի նահանգաապետ՝ Զիատ Շպիպը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան յանձնախումբի անդամ՝ Արամ Մալեանի։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ նահանգապետը լայն տեղեկութիւններ փոխանցէ Վեհափառ Հայրապետին Պէյրութի առաւել զարգացման առնչուած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ի լուր Պէյրութի առաւել կազմակերպումին ու ծաղկումին նպաստող ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն։
Հանդիպման աւարտին նահանգապետը շրջեցաւ Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան։
Յայտնենք, որ Պէյրութի քաղաքապետութեան յանձնաժողովին մէջ Լիբանանի հայութիւնը կը ներկայացնեն երեք ազգայիններ։