Երեքշաբթի, 6 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տանիմարքայի կառավարութեան կրօնքի ազատութեան հարցերու ներկայացուցիչ՝ Ֆրանս Մայքըլ Մելպինը։ Վերջինս իր կառավարութեան կողմէ ուղարկուած էր Միջին Արեւելք, մօտէն տեղեակ դառնալու կրօնքի ազատութեան պարզած ներկայ կացութեան։
Վեհափառ Հայրապետը այս ծիրէն ներս իր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ, նախ ընդհանուր կերպով անդրադարձաւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան եւ անոր առնչուած հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն, եւ ապա ներկայացնելէ ետք կրօնքի ազատութեան պարզած ներկայ պատկերը Միջին Արեւելքէն ներս, շեշտեց՝ թէ շրջանէն ներս հակառակ որոշ զգայնութիւններու, փոքրամասնութիւնները լայնօրէն կը վայելեն կրօնքի ազատութիւն։ Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Իրանին եւ Եգիպտոսին, ուր քրիտոնեայ համայնքներ ոչ մէկ հարց ունին կրօնական պաշտամունքի գծով. միաժամանակ Հայրապետը յիշեց Թուրքիան, ուր կը շարունակուի մարդկային իրաւանց անտեսումները եւ այդ շրջագծէն ներս կրօնական փոքրամասնութիւններուն առնչուած սահմանափակումները։