Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԿՈՆԴԱԿԸ

Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նո՛յնիսկ իմացեալ մահով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամենէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձած է՝ Հայկ Նա­հա­պե­տէն սկսեալ։ Հարուստ է մեր պատմութիւնը բռնակալութեան դէմ հերոսական մարտնչում­ներով։

 

Այսպէ՛ս եղաւ 28 Մայիս 1918 թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, երբ հայ ժողովուրդը, բոլոր ժամանակներու Վարդան Մամիկոնեաններու ու Ղեւոնդ Երէցներու հա­ւատքով թրծուած եւ վճռակամութեամբ զինուած, վերահաստատեց ինքնուրոյն պետա­կանու­թեամբ իր հայրենի հողին վրայ ազատօրէն ապրելու իր հաւաքական կամքը։ Ճշդո­րոշիչ նշանակութիւն ունեցող դարձակէտ մըն է Մայիս 28-ը՝ Կիլիկեան Թագաւորու­թեան անկումէն յետոյ (1375), օտար ուժերու ենթակայ դարձած հայ ժողովուրդի պատ­մութեան մէջ։ Նախա­խնամական ի՜նչ տնօրինութիւն. երբ տակաւին մի քանի տարիներ առաջ, Օս­ման­եան կայս­րութեան մէջ տեղի կ՚ունենար հայոց ցեղասպանութիւնը, Երեւանի մէջ կը բարձ­րանար հայ ժողովուրդի անկախութեան դրօշը՝ եռագոյնը…։

 

Դիւրին չեղաւ Մայիս 28-ով խորհրդանշուող Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հաստատումը։ Արդարեւ, Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին թողած վէրքերը չդար­ման­ուած, Ռուսիոյ մէջ տեղի կ՚ունենար Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը (1917), որուն հե­տեւան­քով ռուսերը կը հեռանան Կովկասէն՝ առանձին ձգելով հայերը Թուրքիոյ դիմաց։ Ար­տա­քին ճակա­տին վրայ, Հայաստանը շրջապատող պայմանները ու շրջանին առըն­չուած աշխարհա­քաղաքա­կան շահերը ի նպաստ մեզի չէին։ Ներքին ճակատի վրայ, դիւ­րաբեկ էր Հայաստանը ու չունէր կազմակերպուած բանակ ու առողջ տնտեսութիւն։

 

Ահա այս կացութեան մէջ թրքական բանակը կը սկսի շարժիլ Երեւանի ուղղութեամբ։ Հայկական փոքր բանակով փաստօրէն դժուար էր պաշտպանել Սեւ ծովէն մինչեւՎաս­պու­րա­կան երկարող ռազմաճակատը։ Հայ ժողովուրդը կը գտնուէր նոր Աւարայրի մը դիմաց։ Վճռա­դրոշմ այս պահուն, Արամ Մանուկեան կը հռչակուի գերագոյն ղեկավար։ Մեր ողջ ժողո­վուրդը, մեծ թէ փոքր, հոգեւորական թէ աշխարհական, մտաւորական թէ շի­նա­կան, կ՚ընդա­ռաջէ Արամի կոչին եւ Ղարաքիլիսայի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապա­րանի մէջ կը կռուի «ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանով ոգեզինուած, հայրենիքի ան­կա­խութեան համար արիւն թափելու գիտակից յանձ­նառութեամբ։ Երեւանի դռներուն առ­ջեւ տեղի ունեցած այս ճակատագրական ճակատա­մար­տէն յաղթական դուրս եկած հայ ժողովուրդը կը հռչակէ իր հայրենիքի անկախութիւնը։

 

Պատմական Հայաստանի փոքր հողաշերտին վրայ ծնած Հայաստանի Հանրապե­տու­­թիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապներ. ամէնուրեք գաղթականներ ու որբեր, սով ու հա­մաճարակ եւ ո՛չ մէկ արտաքին օգնութիւն։ Հակառակ նորանկախ Հայաստանը շրջա­պատող ներքին ու ար­տաքին ահաւոր դժուարութիւններուն, երկիրը աստիճանաբար կ՚ու­նենայ իր խորհրդարանը, կառավարութիւնը, դատական իշխանութիւնը եւ բանակը. կը ճշդուի հանրա­պետութեան եռա­գոյն դրօշը, կը հնչէ «Մեր հայրենիք»ը եւ Հայաստանը կ՚ու­նենայ միջազ­գա­յին ճանաչում։

 

Հայաստանի անկախութեան կերտումին մէջ նշանակալից դեր կ՚ունենայ հայ եկեղե­ցին։ Գարեգին Վրդ. Յովսէփեան (ապա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 1943-52) մաս­նակից կը դառնայ Սարդարապատի կռիւներուն՝ իր հրաշունչ քարոզներով քաջալերելով մեր զինուորները։ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կոչ կ՚ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ «յոյս չդնել օտարի վրայ» եւ ի մի խմբել «մեր ազգային բոլոր կարողութիւն­ները՝ … ի փառս ազատ հայ­րե­նիքին»։ Սահակ Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, տա­ռապանքի ճիրաններուն մէջ տուայ­­տող Կիլիկեան Աշխարհէն իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած աղաչելով, որ «Տաւ­րոսը Մասիսին կապող եւ հայ արիւնով գեղազարդուած ծիածանը ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հա­յու­­թեան համար ըլլայ Աւետեաց երկիրը, ամ­բող­ջական եւ անկախ Հայաստան առաջ­նորդող հրեղէն սիւնը»։ Յ. Թումանեան, մտաւո­րա­կա­նութեան թարգմանը հանդիսանա­լով, կը բացա­գանչէ՝ «արդէն իրականութիւն է երէկուայ մեր երազը. ազատ է Հայաստանը, ամ­բողջ աշխարհի կողմից ճանչցուած ինք­նուրոյն հանրապետութիւն է նա, իր եռագոյն դրօշով կանգնած միւս պե­տութիւնների շար­քում»։

 

Ցեղասպան Թուրքիան կը շարունակէ իր սուրը ճօճել Հայաստանի ուղղութեամբ։ Զա­նազան ճակատներու վրայ յաջորդական յարձակումներ, տնտեսական պաշարում ուդիւա­նագիտական ճնշում կը սկսին մաշեցնել Հայաստանի ներուժը։ Ռուսիայէն ակնկալ­ուած զինուո­րական ու տնտե­սական օժանդակութիւնը չիրականանար։ Սեւրի Դաշնագրի (Օգոս­տոս 10, 1920) ստորագրութեամբ Հայաստանի առջեւ բացուած յուսալից հորիզոն­ները շուտով կը մթագնին։ Հայաս­տանը կը մնայ, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վար­չա­պետը Ս. Վրացեան կ՚ըսէ՝ «պոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ»։

 

Պատմութեան մէջ ճակատագրական պահեր կան, որոնց դիմաց հարկ է հեռու մնալ արկա­ծախնդրական մօտեցումներէ ու կողմնակի նկատումներէ եւ ճի՛շդ կողմնորոշում որ­դեգրել՝ մեկնելով ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն։ Արդարեւ, առճակա­տում Սովետական Միութեան հետ կրնար կործանումի առաջնորդել Հայաս­տա­նը. հայրենիքի փրկու­թիւնը ամէն բանէ վե՛ր էր։ Վտանգալից այս պայմաններուն մէջ, Հա­յաս­­տանի Հանրապե­տու­թեան խորհրդայնացումը (2 Դեկտեմբեր 1920), ամբողջատի­րա­կան վարչակարգին ծանր ու դառն հետեւանքները կրելով հանդերձ, ճի՛շդ ճանապարհն էր։

 

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Փետրուարեան ժողովրդային ապստամբութիւնը (1921) համայնավար բռնատիրական վարչակարգին դէմ, առիթ կու տայ Թուրքիոյ մէջ տե­ղի ունե­ցած Ապրիլ 24-ը յիշեցնող՝ ձերբակալութիւններու, աքսորի ու մահուան…։ Ժո­ղովր­դային ճնշու­մին տակ Հայաստանէն հեռացած համայնավար իշխանութեան տեղ Հան­րապետու­թեան ղեկավա­րութիւնը ստանձնած «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն» չէր կրնար փրկել անպաշտպան մնացած եւ սովի ու համաճարակի մատնուած հայրենիքը։

 

Ապրիլ 2, 1921-ին Կարմիր Բանակը կը քալէ դէպի Հայաստան։ Հայաստանի Հանրա­պետութեան վերջին ղեկա­վարները կը հեռանան Հայաստանէն՝ իրենց հետ տանելով անկախ հայրենիքի եռագոյնը, Սփիւռքի մէջ շարու­նակելու Հայաստանի անկախութեան գաղափարական պայքարը։

 

Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ վարչակարգերը ժամանակաւոր են, որքան ալ զօրեղ յենարաններ ունենան. յաւերժական են ազգերը՝ իրենց հայրենիքով ու մշա­կոյթով։ Համայնավար վարչակարգը չկրցաւ սպաննել անկախութեան գաղափարը հայ­րենի ժողովուրդի կեանքէն ներս. իսկ Սփիւռքէն ներս իր բաժանարար քաղաքակա­նութեամբ չկրցաւ մարել յոյսը անկախութեան ու նսեմացնել ամբողջական Հայաստանի՝ ամբողջական հայու­թեամբ տեսլականը։ Եւ այսպէս, Մայիս 28, 1918-ին ստեղծուած Հա­յաստանի առաջին Հանրա­պետութիւնը եւ Դեկտեմբեր 2, 1920-ին պայմաններու պար­տադրանքով վարչաձեւի փոփոխու­թեան ենթարկուած Հայաստանի Հանրապետու­թիւնը, Սեպտեմբեր 21, 1991-ին կը վերահաս­տատէ իր անկախութիւնը։ Անկախութիւնը սրբազան արժէք է ու զայն կերտողը ու պաշտպանողը ժողովո՛ւրդն է։ Հետե­ւաբար, Հայաստանի անկախութիւնը գաղափարական ու քաղաքական մօտեցում­ներէ ու տար-բերութիւններէ վե՛ր պէտք է մնայ։ Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տա­րիներուն ու համաշ­խարհային տագնապալից պայմաններուն մէջ ստեղծուած Հայաս­տանի առաջին Հան­րա­պե-տութիւնը համահայկական խորունկ նշանակութիւն ունի։ Այս ենթահողին վրայ հարկ է արժե­ւորել ու նշել 100-ամեակը այս պատմական դէպքին։

 

Կովկասը միշտ եղած է լեցուն ներքին առճակատումներով եւ ենթակայ՝ հեռաւոր թէ մօտա­ւոր ուժերու աշխարհաքաղաքական շահերուն ու դիրքորոշումներուն։ Կորսնցուցինք Հայաս­տանի առաջին անկախութիւնը՝ մեր շուրջը փչող զօրեղ քամիներուն հետեւանքով։ Այսօր եւս Կով-կասը կը գտնուի նո՛յն կացութեան մէջ։ Հետեւաբար, զգո՜յշ, ժողովուրդ հայոց, ճի՛շդ կար-դանք «ժամանակի նշանները». չհեռանանք հայրենի հողէն, հաւատարիմ մնանք հայրենիքի ան­կախութիւնը իրենց արիւնով կերտած մեր հին թէ նոր հերոսներու սրբազան կտակին. հզօ­րացնենք Հայաստանը իր բանակով, տնտեսութեամբ ու միջազգա­յին դիւանա­գիտական կապե­րով։ Հայաստանի ու Արցախի պետականութեան ամրացումը ու անկախու­թեան ամրա­պնդումը հիմքն են մեր ազգային պահանջատիրութեան ու երաշ­խիքը՝ մեր ազգի պայծառ ապա­գային։

 

Արդ, 1 Յունուար 2018-ին, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն սոյն Հայրա­պետական Սրբատառ Կոնդակով կոչ կ՚ուղղենք.-

 

— Մեր թեմերուն, Հանրապետական Մաղթանքի կատարումով, հրապարակային հան-դիսութիւններով եւ այլազան ծրագիրներու իրագործումով, հանդիսաւոր կերպով նշելու այս կարեւոր թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան։

 

— Մեր կազմակերպութիւններուն, միասնական ոգիով ու ժողովրդային լայն մաս­նակ-ցութեամբ ու զանազան ձեռնարկներու ճամբով, արժեւորելու պատմական այս դէպքը հայ կեանքէն ներս։

 

— Մեր կրթական կառոյցներուն, հայակերտումի մեր ճիգին մէջ յատուկ կարեւորու-թեամբ շեշտելու անկախութեան իմաստը, որպէս ամուր հիմքը մեր հայրենիքի հզօրութեան ու ազգին յաւերժութեան։

 

— Մեր մտաւորականներուն, աշխատասիրութիւններու ու դասախօսութիւններու ճամբով վերլուծելու եւ վերարժեւորելու առաջին Հանրապետութեան դերը՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, անկախութեան ոգիին ու տեսլականին արծարծ պահպանման եւ Հայաս­տանի երկրորդ անկախութեան ստեղծման մէջ։

 

— Մեր ժողովուրդի զաւակներուն, 100-ամեակին առիթով՝ կարդալով, լսելով ու զա-նազան ձեռնարկներուն մասնակցելով, լայն ծանօթութիւն ունենալու Հայաստանի առա­ջին Հանրա­պե­­տու­թեան մասին եւ անդրադառնալու անկախութեան եզակի կարեւորութեան մեր ժողո-վուրդի կեանքէն ներս։

 

Պէտք է հաւատարիմ մնալ արիւնով ու քրտինքով կերտուած հայրենիքի անկախու­թեան ու զայն պաշտպանել ամէ՛ն գնով։ Ա՛յս է պատգամը Հայաստանի առաջին Հանրա­պե­տու­թեան 100-ամեակին։ Անկախութեան ճանապարհին արիւն թափողները հերոսներ ու նա­հատակներ են։ Հետեւաբար, եկէք խոնարհի՛նք Հայաստանի առաջին Հանրապետու­թեան ստեղծման ու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Մայիս 28-էն մինչեւ այսօր, Հայաս­տանի Հան­­րապետութեան ու Արցախի անկախութեան համար պայքարած, ծառայած ու նահա­տակուած մեր բոլո՛ր յայտնի թէ անյայտ հերոսներուն անմեռ յիշատակին առջեւ։

 

Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալք շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ։ Ամէն։

 

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Տուաւ կոնդակս ի Կաթողիկոսարանիս

Ի դուռն Մայր Տաճարիս Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին

Որ յԱնթիլիաս, Լիբանան

Ի 1-ն Յունուարի, 2018 թուին Քրիստոսի, եւ

Ի թուին Հայոց ՌՆԿԷ.

Ընդ համարաւ Վ/ՆԿԷ.