ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 16 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրանեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի փտածութեան դէմ պայքարի նախարար՝ Նիքոլա Թուէյնին։

 

Նախարարը Նորին Սրբութեան զեկուցեց իր նախարարութեան կողմէ կատարուող աշխատանքին մասին։ Հայրապետը գնահատելով նախարարին աշխատանքը՝ յիշեցուց, որ ներկայ ընկերութեան կեանքէն ներս փտածութիւնը դարձած է ընկերութիւնը բարոյապէս ու տնտեսապէս հիւծող չարիք մը, որուն դիմաց անհրաժեշտ է ազդու միջոցներու դիմել։