30 December, 2017

ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ԵՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Նոր Տարուան առիթով, հետեւեալ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ,-

 

— Նոր Տարուան գիշերը, Կիրակի, ժամը 12:00-ին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու մասնակցութեամբ, տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ կրօնական արարողութիւն եւ պիտի ղօղանջեն Մայր Տաճարին զանգերը։

— Նոր Տարուան գիշերը, ժամը 12:00-ին, դիմատետրի (Facebook) Cilicia TV-ի էջին վրայ Վեհափառ Հայրապետը նոր տարուան իր պատգամը պիտի ուղղէ մեր ժողովուրդին։

— Երկուշաբթի, 1 Յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. եւ Անմահ Պատարագ առաւօտեան ժամը 10:00-ին։

—  Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Նորին Սրբութիւնը Վեհարանի դահլիճին մէջ պատգամ պիտի ուղղէ մեր ժողովուրդին եւ շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի մինչեւ կէսօրուան ժամը 01:00:

— Դարձեալ նոյն օրը երեկոյեան ժամը 4:30-ին, OTV-էն, Վեհափառ Հայրապետը հարցազրոյց մը պիտի ունենայ։