ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՎԱՍՆ ՀՈԳՒՈՑՆ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՑՆ ՍՐԲՈՅ ԱԹՈՌՈՅՍ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆ ՄԻԱԲԱՆԻՑ ՈՒԽՏԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 4 Փետրուար 2018-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»ին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ հայրապետներուն եւ լուսահոգի միաբան հայրերուն հոգեհանգստեան պաշտօնը՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

 

Փետրուար ամսուան ընթացքին կատարուող այս հոգեհանգստեան պաշտօնը աւանդութիւն մըն է եւ տեղի կ՚ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքին եւ Աթոռոյս բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ: Հաւաքական այս հոգեհանգիստը առիթ կ՚ընծայէ եկեղեցական հայրերուն վերանորոգելու ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու իրենց ուխտը, ինչպէս նաեւ վերակենդանացնելու իրենց եկեղեցական, մշակութային եւ ազգային գործունէութեամբ հայկական ինքնութիւնը կենդանի պահած մեր նուիրեալ հայրերուն յիշատակը։