17 Յունուար 2018-ին, Եգիպտոսի մէջ Երուսաղէմի հարցին շուրջ կազմակերպուած միջազգային համագումարի առաջին նիստին, խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ “անհրաժեշտ է յարգել միջազգային օրէնքի տուեալները ու պատմութեան ընթացքին նուիրագործուած աւանդութիւնները՝ Երուսաղէմը նկատելով սուրբ քաղաք միաստուածեան երեք կրօններու”։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ 7 կէտերուն մէջ ամփոփեց իր տեսակէտը.-
1) Հարկ է միջազգային համայնքին յիշեցնել, որ Երուսաղէմի գրաւումը Իսրայէլի կողմէ լայն չափով այլափոխեց Երուսաղէմի նկարագիրը ու ներքին դրուածքը, յառաջացնելով իսլամ ու քրիստոնեայ բնակչութեան մօտ արտագաղթ ու նոյնիսկ խախտելով յիշեալ երկու կրօններու իրաւասութիւնները սրբատեղիներուն առնչուած, հակառակ միջազգային համայնքին ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որոշումներուն։
2) Միակողմանի որոշումներ ու մենատիրական տեսակէտներ Երուսաղէմի գծով՝ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող եւ քրիստոնէութեան ու իսլամութեան ներկայութիւնը հարցականի տակ դնող, երբեք չեն նպաստեր շրջանէն ներս ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն յառաջացնելու ձգտող ճիգերուն։
3) Երուսաղէմի նկատմամբ քաղաքական ոեւէ մօտեցում կրնայ աւելի բարդացնել ու սրել ներկայ տագնապը։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ապաքաղաքականացնել Երուսաղէմի հարցը՝ Երուսաղէմը նկատելով մայրաքաղաքը միաստուածեան երեք կրօններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաք իսրայէլեան ու պաղեստինեան վարչական միացեալ հովանաւորութիւնը վայելող։
4) Երուսաղէմը դարերու ընթացքին եղած է երեք միաստուածեան կրօններու համագոյակցութեան քաղաք։ Հակառակ երբեմն յառաջացող ներքին զգայնութիւններու՝ սրբատեղիներու նկատմամբ անոնց ունեցած իրաւասութեանց շրջագծէն ներս, անոնք միշտ յանձնառու եղած են միջազգային ճանաչում ունեցող իրենց իրաւասութեանց իրավիճակին պահպանման։ Արդ, ինչ ալ ըլլայ Երուսաղէմի նկատմամբ առնուելիք որոշումը խաղաղութեան գործընթացքի ծիրէն ներս, երեք կրօններու իրաւասութիւնները ճշող իրավիճակը պէտք է պահել։
5) Որպէս նախկին Ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, կþուզեմ յայտնել որ ԵՀԽ-ի հիմնադրութենէն, 1948-էն սկսեալ, Երուսաղէմի հարցը Խորհուրդի օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ է գրաւած։ Խորհուրդին մօտեցումը եղած է համապատասխան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որոշումներուն. այլ խօսքով սուրբ քաղաքը նկատած է եբրայական, քրիստոնէական ու իսլամական կրօններու միացեալ սուրբ քաղաքը։
6) Երուսաղէմը իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցած է միշտ քրիստոնէութեան համար, որպէս սուրբ քաղաք։ Հոն կը գտնուին Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան առնչուած կարեւոր վայրերը։ Երուսաղէմի մէջ հաստատուեցաւ առաջին քրիստոնէական եկեղեցին. Երուսաղէմէն ճառագայթեց քրիստոնէութեան լոյսը։ Հետեւաբար, Երուսաղէմը պէտք է իր քրիստոնէական նկարագիրը պահէ անաղարտ, ուր պէտք է այցելեն բոլոր քրիստոնեաները առանց դժուարութեան ու խտրութեան։
7) 638 թուականէն սկսեալ հայ եկեղեցին ներկայութիւն եղած է Երուսաղէմէն ներս իր ժողովուրդով, եպիսկոպոսով ու հոգեւորականներով։ 1311-ին Եգիպտոսի Սուլթանը Երուսաղէմի հայ եպիսկոպոսին տուաւ Պատրիարք տիտղոսը եւ ներկայ Պատրիարքը 97-րդ Պատրիարքն է Երուսաղէմի հայոց։ Հայոց պատրիարքութիւնը Երուսաղէմի մէջ ունի երկեղեցիներ ու սրբատեղիներ եւ այլ համայնքներու շարքին՝ իր իրաւասութիւնները, միջազգային օրէնքով ճանչցուած։ Մեր ժողովուրդը կը շարունակէ թիկունք կանգնիլ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պահպանելու իր իրաւուքները սուրբ քաղաքէն ներս։
Եզրակացնելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հեռու մնալ միակողմանի մօտեցումներէն եւ պահել Երուսաղէմի միջազգային ու կրօնական նկարագիրը, եւ կոչ ուղղեց միաստուածեան կրօններուն միջազգային համայնքին հետ միասնաբար աշխատելու, որպէսզի Երուսաղէմը դառնայ խաղաղութեան ու արդարութեան քաղաք, հաւատարիմ իր հոգեւոր ու պատմական կոչումին։
Յայտնենք, որ միջազգային համագումարին կը մասնակցին աւելի քան 300 կրօնական, պետական, քաղաքական ու ակադեմական բարձրաստիճան պատասխանատուներ՝ գլխաւորութեամբ Եգիպտոսի ու Պաղեստինի նախագահներուն։