ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

20 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն երեք համայնքներու, կուսակցութիւններու ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները։

 

Յանձնախումբը Նորին Սրբութեան պարզեց յառաջիկայ ամիսներուն իր կատարելիք ձեռնարկներու ծրագիրը, ուր Մարտ 21-ին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունենալիք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողի բացման Լիբանանի հայութեան մասնակցութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ։

 

Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը միացեալ ոգիով ու հաւաքական ճիգով արժեւորելու Լիբանանի հայութեան որոշումը՝ մաղթելով, որ նոյն մօտեցումով ու համահայկական մաշտապով մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, արժեւորեն այս կարեւոր դէպքը մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան։