ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2018-ին, Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ ի յիշատակ 451 թուականին վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց նահատակուած Սրբոց Վարդանանց։ Պատարագին հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։

 

Պատարագիչ սրբազանը յաւուր պատշաճի փոխանցեց Վարդանանց պատգամը։ Ան յայտնեց, որ պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդը, մանաւանդ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակելէ ետք, զոհ գացած է բռնատէրներու լուծին, որովհետեւ վերջիններս պատմութեան բոլոր ժամանակներուն ամէն ջանք թափած են ոչնչացնելու հայ ժողովուրդը ու տկարացնելու անոր հաւատքին ու ինքնութեան կառչած մնալու կամքը։ Սրբազանը պատմական ակնարկ մը տալէ ետք, շարունակեց իր քարոզը թարգման դառնալով Վարդանանց ճակատամարտին այժմէական իմաստին։ Ան նշեց, որ թէեւ պատերազմը կորսնցուցինք, բայց կռիւը շարունակեցինք շնորհիւ մեր մայրերուն, որոնք խմեցին Քրոստոսի կրակէ բաժակէն։ Սրբազանը ընդգծեց, որ մեր շնորհալի մայրերը կարողացան հայաշունչ ու քրիստոնէաշունչ կրթութիւն ջամբել իրենց զաւակներուն, որոնց շնորհիւ մենք կը շարունակենք գոյատեւել մեր ինքնութեամբ։ Սրբազան հայրը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդի սրբութիւններէն՝ մայրութիւնը ու խօսքը ուղղելով անոնց զանոնք հրաւիրեց չլռելու ներկայ կացութեան ապաքրիստոնեայ, հակահայ ու անբարոյ երեւոյթներուն դիմաց։ Ան կոչ ուղղեց հայ մայրերուն, որ ըմպեն կրակէ բաժակէն ու վերալծուին Վարդանանց զօրքին շունչով դաստիարակելու սերունդը, որպէսզի երիտասարդութիւնը յաղթէ նորօրեայ Վարդանանց ճակատամարտերը։

 

Պատարագի աւարտին Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն, ուր Մայրավանքի «Շնորհալի» երգչախումբը վարդանաշունչ երգերով վերակենդանացուց Վարդանանց ոգին։ Յայտագիրին ընթացքին Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկներէն մին արտասանեց Ս. Վարդանի նուիրուած բանաստեղծութիւն մը։

 

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը  փոխանցեց օրուան պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ Աւարայրի ճակատամարտը օտարին օտարացնող ներկայութեան մերժումն էր հայ կեանքին մէջ, որ կատարուեցաւ շնորհիւ հայ ժողովուրդի հաւաքական հաւատքին ու վճռակամութեան։ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ Աւարայրի ճակատամարտը պատահական չէր. անոր խորհուրդն ու պատգամը ըմբռնելու համար հարկ է նայիլ հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ տեղի ունեցած հոգեւոր յեղափոխութեան, որ սկսած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով։ Հայ ժողովուրդին համար քրիստոնէութիւնը սովորական իմաստ մը չունէր եւ Հայաստանին քրիստոնէացումը սովորորական երեւոյթ մը չէր, յայտնեց Հայրապետը՝ յիշեցնելով, որ հայ ժողովուրդը ինքզինք նոյնացուցած էր քրիստոնէական հաւատքին հետ, մանաւանդ երբ գիրերու գիւտով քրիստոնէութիւնն ալ հայացած էր հայ ժողովուրդին համար։ «Ահա թէ ինչո՛ւ քրիստոնէական հաւատքը մեր ժողովուրդի կեանքին ու մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան ու ինքնահասկացողութեան մէջ արմատացած էր։ Որեւէ հարուած հայ հաւատքին՝ հարուած էր նաեւ հայ ինքնութեան ու մշակոյթին», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ան նաեւ շեշտեց, որ պատմութիւնը կ՚ապացուցէ, թէ ազգ մը չի կրնար գոյատեւել եթէ չունի իրեն յատուկ ինքնութիւն. հետեւաբար, վերամկրտուելով Վարդանանց ճակատամարտով, հարկ է զգոյշ ըլլալ օտարամոլութենէ, աւելի՛ն՝ հարկ է Վարդանանց զօրքին նման վճռակամ ըլլալ մեր կեցուածքին ու հաւատարիմ՝ հայ ինքնութեան հանդէպ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

 

Եզրափակելով իր պատգամը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ հայ ըլլալ կը նշանակէ ամէն օր հայօրէն ապրիլ ու մասնակից դառնալ մեր հաւաքական կեանքին՝ ընդգծելով, որ մերժելի են լուսանցքուած ու կրաւորական կեցուածքները հայ ինքնութեան հանդէպ։ Հայը պատմութեան ընթացքին ինքզինք արտայայտած է ու իր ինքնութիւնը պահած է հաւաքական կեանքով ու հաւաքական պայքարով, ինչպէս նաեւ միշտ համախմբուած է իր հաւատքին, մշակոյթին ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն շուրջ, ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ այսօրուան պատգամը Վարդանանց ոգիին, հաւատքին, վճռակամութեան ու տեսիլքին հաւատարիմ մնալ է։