Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Հինգշաթբի-Ուրբաթ, 1-2 Փետրուար 2018-ին, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան յաջորդական նիստեր տեղի ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս։
— Համապարփակ քննարկումի ենթարկուեցան առաջին հերթին 2017-ին իրագործուած եւ 2018-ի նախահաշիւ պիւտճէն, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանին ընդհանուր նիւթական կացութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Կաթողիկոսարանին տնտեսական ընդհանուր կացութիւնը մնայուն հաշուեքննութեան ենթակայ է թէ՛ յանձնախումբին եւ թէ՛ հաշուեքննիչ ընկերութեան ճամբով։ Հայրապետը միաժամանակ յիշեցուց, որ Կաթողիկոսարանին տնտեսական կարելիութիւնները սահմանափակ են եւ տարեկան պիւտճէական հսկայ բացեր կը գոյանան՝ մէկ կողմէ սղաճի, իսկ միւս կողմէ եկամուտի պակասի հետեւանքով։
— Վարչութիւնը, շարունակելով Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին Նորին Սրբութեան պատգամին եւ ընդհանուր քննարկումներու ճամբով շեշտուած թեմերու վերակազմակերպումի հարցը, իր կարգին վեր առաւ յիշեալ ծրագիրին այժմէականութիւնը, եւ, Վեհափառ Հայրապետին առաջարկին հետեւելով, որոշեց յատուկ ժամանակացոյցի հիման վրայ հանդիպումներ կազմակերպել թեմերու հետ վերակազմակերպումի իրենց ծրագիրը քննարկելու համար։
— Կաթողիկոսարան-թեմ գործակցութիւնը դարձեալ շեշտուեցաւ. այս ծիրէն ներս անդրադարձ եղաւ որոշ մարզերու, ուր թեմերու համարատուութիւնը Կաթողիկոսարանին հարկ է աւելի շեշտաւորել։ Թէ՛ Կաթողիկոսարանին եւ թէ՛ կարգ մը թեմերու կապուած կանոնագրային հարցերու քննութիւնը աւելի արագացնելու համար յատուկ յանձնախումբ մը նշանակուեցաւ, որպէզի յառաջիկային, Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու մասնակցութեամբ, յիշեալ աշխատանքը իր աւարտին հասնի եւ ապա վաւերացուի Հայրապետին կողմէ։
— Վարչութիւնը յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ կալուածոց ու շահարկման յանձնախումբերուն հետ։ Անոնք իրենց իրագործած աշխատանքներուն ամփոփ պատկերը ներկայացուցին թէ՛ շինարարական մարզէն ներս եւ թէ՛ շահարկման ծրագիրներու գծով։
— Կաթողիկոսարանին առնչուած ընկերային ծառայութեան հաստատութիւններուն՝ Ազգ. Բուժարանի, Ազգ. Ծերանոցի ու «Թռչնոց Բոյն»-ի խնամակալութիւնները վերջին ամիսներու իրենց աշխատանքին արդիւնքը պարզեցին Ազգ. Կեդր. Վարչութեան, միաժամանակ տեղեակ պահելով հաստատութեան դիմագրաւած յատկապէս տնտեսական մտահոգութիւնները։ Նորին Սրբութիւնն ու Վարչութիւնը յիշեցուցին մեր եկեղեցւոյ կողմէ կատարուող ընկերային ծառայութեան յոյժ կարեւորութիւնը եւ թելադրեցին, որ իրենց կարելին կատարեն՝ օգտակար հանդիսանալու մեր ժողովուրդի կարիքներուն։
— Թուրքիոյ դէմ բացուած Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատը լայն քննարկումի ենթարկուեցաւ։ Այս ուղղութեամբ տրուած բացատրութիւններու եւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներու լոյսին տակ եւ հետեւելով Ազգ. Ընդհ. Ժողովի որոշման, ժողովականները շեշտեցին իրաւաքաղաքական բնոյթ ունեցող այս կարեւոր դատին առնչուած աշխատանքներուն շարունակութեան կարեւորութիւնը։
— Ժողովը նաեւ զբաղեցաւ անցեալէն եկող Ֆանարի ժողովրդային տուներուն առնչուած իրաւական աշխատանքները շարունակելու եւ յստակ ընթացքի մէջ դնելու անյետաձգելի հրամայականը։ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան մտահոգութիւնն է, որ հոն ապրող մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց նիւթական պարտաւորութիւնը կատարելով եւ իրաւական անհրաժեշտ փաստաթուղթերը ունենալով տէր դառնան իրենց բնակարաններուն։
— Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը անհրաժեշտ նկատեց, որ շուրջ չորս տարիներ առաջ Արցախի մէջ հիմքը դրուած «Նոր Կիլիկիա» գիւղին ծրագիրը շարունակուի, յատկապէս մեր թեմերուն ու անհատ ազգայիններու մասնակցութեամբ։
— Համապարփակ կերպով զեկոյց տրուեցաւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի ու օժանդակութեան աշխատանքներուն մասին։ Վեհափառ Հայրապետն ու Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեցին Սուրիոյ հայութեան վերակազմակերպման աշխատանքները որպէս համահայկական առաջնահերթութիւն։
— Վարչութիւնը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Կաթողիկոսարանի մակավարժական կեդրոնի ու հայագիտական դասընթացքի պատասխանատուներուն հետ եւ գոհունակութեամբ իմանալէ ետք կրթական այս երկու կառոյցներուն կողմէն տարուող գործունէութեան մասին, թելադրեց նոյն ոգիով շարունակել այս յոյժ կարեւոր աշխատանքը։
— Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ու զարգացման, ինչպէս նաեւ միացեալ ուղղագրութիւն մը ստեղծելու կարելիութեան շուրջ տարուող աշխատանքներուն։ Այս գծով տրուած զեկոյցներու լոյսին տակ Ժողովը կարեւորեց այս աշխատանքներուն ու յատկապէս յառաջիկայ ծրագիրներու իրագործման հրամայականը։
— Ազգ. Կեդր. Վարչութեան նաեւ զեկոյց տրուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով Կաթողիկոսարանին տարած ու տանելիք աշխատանքներուն մասին, յատկապէս շեշտելով 20-23 Մարտ 2018-ին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունենալիք համագումարին եւ յուշակոթողի պաշտօնական բացումը։
— Վերոյիշեալ հարցերու քննարկումներուն ու առնուած որոշումներուն առընթեր, Ժողովը նաեւ զբաղեցաւ յարակից այլ հարցերով՝ միշտ շեշտելով Կաթողիկոսական երկու Աթոռներու, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը առաւել ամրապնդելու անյետաձգելի հրամայականը։
Յայտնենք, որ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներէն իւրաքանչիւրը կը բաղականայ 17 անդամներէ։