19 January, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏ Ն.Ս. ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Գահիրէ ժամանումէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին հետ։ Ապա, հանդիպումին միացաւ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ պետ՝ Պշարա Րաաի Պատրիարքը։ Երկու եկեղեցիներու պատուիրակութեանց ներկայութեան տեղի ունեցաւ յիշեալ հանդիպումը։

 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի ու եկեղեցիներու գործակցութեան առնչութիւն ունեցող հարցեր։

 

Խաղաղութեան հարցին շուրջ Ալ-Ազհար իսլամական կեդրոնին կազմակերպած միջազգային համագումարի ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ յատկապէս համագումարին մասնակից տարբեր պետութիւններու, իսլամական կեդրոններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ։

 

Հայրապետը Գահիրէ կեցութեան ընթացքին նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպաններուն հետ։

 

Նշենք, որ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանն ու Ազգային Իշխանութիւնը ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ընթրիք մը սարքեցին Հայրապետին իջեւանած պանդոկին մէջ։

More News