«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ ՊԱՀԵԼ՝ ՅԱՐԳԵԼՈՎ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԿՐՕՆԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
17 Յունուար 2018-ին, Եգիպտոսի մէջ Երուսաղէմի հարցին շուրջ կազմակերպուած միջազգային համագումարի առաջին նիստին, խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ “անհրաժեշտ է յարգել միջազգային օրէնքի տուեալները ու պատմութեան ընթացքին նուիրագործուած աւանդութիւնները՝ Երուսաղէմը նկատելով սուրբ քաղաք միաստուածեան երեք կրօններու”։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ 7 կէտերուն մէջ ամփոփեց իր տեսակէտը.- 1) Հարկ է միջազգային համայնքին յիշեցնել,…