22 Հունվարի, 2018

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԵՐԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ

Նախաձեռնութեամբ Վատիկանի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը հռչակուած է «Եկեղեցիներու միութեան համար աղօթքի շաբաթ»։ Այս շաբթուան ընթացքին, աշխարհի բոլոր կողմերը, եկեղեցիներ քով-քովի գալով՝ աղօթքներու, շարականներու, աւետարանական ընթերցումներու եւ յատուկ քարոզներու ճամբով կը շեշտեն եկեղեցիներու միութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։

 

Լիբանանին մէջ եւս այս աւանդութիւնը կը յարգուի. ամէն տարի յաջորդաբար եկեղեցւոյ մը մէջ կը հաւաքուին բոլոր հոգեւորականները եւ միասնական աղօթքի ճամբով կը վերանորոգեն իրենց յանձնառութիւնը՝ աշխատելու եկեղեցիներու միութեան համար։

 

Այս տարի «Աղօթքի շաբթուան» բացումը տեղի ունեցաւ Պքերքէի եկեղեցւոյ մէջ։ Մեր եկեղեցւոյ անունով կրօնական արարողութեան ներկայ եղան Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան եւ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեան։

 

More News