ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Այսօր, 22 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանը՝ Մարթին Հութը եւ իր տիկինը։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցիլ յառաջիկայ շաբաթ Գերմանիոյ նախագահին Լիբանան կատարելիք այցելութեան շուրջ։ Արդարեւ, հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի, Միջին Արեւելքի ու յատկապէս վերջերս Գահիրէի մէջ Երուսաղմի մասին տեղի ունեցած համագումարին…